ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըրի (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի հետ։ Միջնորդները վաղն ալ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենան Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկուան տեսակցութեան ընթացքին Նալպանտեան եւ համանախագահները կարծիքներ փոխանակեցին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծման ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլերու շուրջ։ Զրուցակիցները քննարկեցին Վիեննայի, Սեն Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովներու ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ուղղեալ քայլերը։ Քննարկուեցաւ յառաջիկային Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հանդիպում մը կազմակերպելու հնարաւորութիւնը։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով մտադրութիւն յայտնեց յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին Երեւան եւ Պաքու այցելելու մասին։ «ԹԱՍՍ» գործակալութեան հաղորդումներուն հիման վրայ «Արմէնփրէս» տեղեկացուց, որ ռուս նախարարին այցելութիւնները ձօնուած պիտի ըլլան Ռուսաստանի եւ Հայաստանի, նաեւ Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեայ յոբելեանին։ «Օրակարգը պիտի ներառնէ այդ երկիրներէն իւրաքանչիւրին հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները, որոնք հարուստ են եւ յագեցած։ Պիտի խօսինք տարածքաշրջանային ու միջազգային խնդիրներու մասին։ Պիտի ջանանք հասկնալ՝ ո՛ւր կը գտնուինք ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ջանքերու շրջանակներէն ներս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու՝ վերջերս տեղի ունեցած հանդիպումէն (16 Հոկտեմբեր, Ժընեւ) յետոյ», յայտնեց Լաւրով։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2017