ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Մոսկուա՝ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրով։ Ռազմավարական գործընկեր երկու պետութիւններու ղեկավարները բանակցութիւններու ընթացքին կը քննարկեն երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգը, ինչպէս նաեւ միջպետական կապերու ապագայ ամրապնդման ու զարգացման վերաբերեալ հարցեր։ Անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան շրջանակներէն ներս համագործակցութեան եւ այլ տարածքաշրջանային արդի խնդիրներու։

Թրեթրեաքովեան պատկերասրահին մէջ Սարգսեան եւ Փութին կը մասնակցին «Ռուսաստանի մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրեր»ու պաշտօնական բացման հանդիսաւոր արարողութեան։ Ձեռնարկը ձօնուած է երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակի յոբելանին։

Մոսկուայի մէջ Սերժ Սարգսեան կ՚այցելէ նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Թեմի առաջնորդարանը։ Ս. Պայծառակերպութիւն Մայր տաճարին մէջ ուխտի աղօթքը ընելու առընթեր, առաջնորդարանի համալիրէն ներս ան կը շրջի «Աւետարանական երկիր Հայաստան» խորագրեալ ցուցահանդէսը։ Այս ձեռնարկը ձօնուած է թեմի հիմնադրութեան 300-ամեայ յոբելեանին ու մաս կը կազմէ «Ռուսաստանի մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրեր» ծրագրին։ Առաջնորդարանի համալիրէն ներս Սերժ Սարգսեան կ՚այցելէ նաեւ յարակից կազմակերպուած այլ ցուցահանդէսի մը՝ ժամանակակից հայկական խաչքարերու վերաբերեալ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2017