ՅՍՏԱԿ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒՄ

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման աջակցութեան գծով Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւը։ Այս վերջինը օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ ինչպէս արդէն հրապարակայնօրէն յայտարարուած է, Հայաստան կը պաշտպանէ Ռուսաստանի կողմէ տակաւին այս տարուան օգոստոսին ներկայացուած առաջարկները, որոնք կրնան Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ապագայ բանակցութիւններուն համար հիմք հանդիսանալ։ Զրուցակիցները քննարկեցին Սոչիի մէջ հոկտեմբերի 31-ին տեղի ունեցած Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու եռակողմանի գագաթաժողովի արդիւնքներուն, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ հարցեր։

Մինչ այդ, երէկ Փաշինեան հերթական անգամ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ նոյեմբերի 8-ին ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած գրառման, որով ան կը շեշտէր, որ իր երկրի դիտարկման տակ կը գտնուին Հայաստանի զանազան բնակավայրերը. ինչպէս՝ Սիսիանը, Գորիսը, Կապանը եւ այլն։ Նիկոլ Փաշինեան այս կապակցութեամբ նշեց, որ սա ահաբեկչութիւն կը համարուի քաղաքացիական բնակչութեան դէմ։

Արարատ Միրզոյեանն ալ Իկոր Խովաեւի հետ քննարկեց Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորումն ու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի հանգուցալուծման վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւնները։ Զրուցակիցները անդրադարձան Սոչիի եռակողմանի գագաթաժողովին եւ այդ ժամանակ ընդունուած համատեղ յայտարարութեան։ Այս ամբողջին մէջ Միրզոյեան շեշտեց ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառումէն զերծ մնալու ուղղեալ կողմերու յանձնառութեան կարեւորութիւնը։ Ան նշեց, որ Ատրպէյճան իր յարձակողական վարքագիծով եւ առաւելապաշտ նկրտումներով կը շարունակէ խոչընդոտել տարածաշրջանէն ներս կայուն ու երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատումը։ Միրզոյեան եւ Խովաեւ կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման գործընթացին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի փոխադրական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման շուրջ։

Արմէն Գրիգորեանն ալ Իկոր Խովաեւի հետ շօշափեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերը։ Այս ամբողջին մէջ ան մանրամասնութիւններ ներկայացուց հայկական կողմի մօտեցումներուն եւ տեսակէտներուն շուրջ։ Կողմերը պայմանաւորուեցան պահպանել կապը ապագայ համագործակցութիւնը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու համար։

Բաց աստի, Արմէն Գրիգորեան երէկ տուաւ հարցազրոյց մը, որու ընթացքին ընդգծեց, որ առանց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի յստակեցման հնարաւոր չէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքուիլը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2022