Կիրակի 2, Փետրուար 2025
ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԴԷՊՔ
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ բախումները կը շարունակուին։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները երէկ հերթական անգամ խախտեցին հրադադարը։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ ժամը 20.00-ին, Ատրպէյճանի բանակի ստորաբաժանումները զանազան տրամաչափէ հրաձգային զինատեսակներով կրակ բացած են սահմանի արեւելեան հատուածէն ներս տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ։ Ժամը 22.00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը առաջնագծին վրայ յարաբերաբար կայունացած է։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, դէպքերուն հետեւանքով հայկական կողմը կորուստներ չէ ունեցած։
Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2022