ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան շա­բա­թա­վեր­ջին Վիեն­նա­յի մէջ մէկ­տե­ղուե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի բո­լոր եր­կիր­նե­րուն եւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն մօտ պաշ­տօ­նա­վա­րող երկ­րի դես­պան­նե­րուն կամ մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Վիեն­նա­յի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան ա­ռըն­թեր գոր­ծող «Հա­յաս­տան» կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս դի­ւա­նա­գի­տա­կան հա­ւա­քը։

Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, քննար­կում­նե­րու ըն­թաց­քին շօ­շա­փուե­ցան եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու եւ կա­ռոյց­նե­րու հետ քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան զար­գաց­ման ուղ­ղեալ ջան­քե­րը։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս ընդգ­ծուե­ցաւ միջ­խորհր­դա­րա­նա­կան կա­պե­րու զար­գաց­ման, ա­պա­կեդ­րո­նա­ցեալ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման, տե­ղե­կա­տուա­կան դաշ­տէն ներս եւ դես­պա­նըն­կալ եր­կիր­նե­րու հա­սա­րա­կա­կան կա­ռոյց­նե­րուն հետ աշ­խա­տանք­նե­րուն կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ Խորհր­դակ­ցու­թեան մաս­նակ­ցի­նե­րը հան­գա­մա­նօ­րէն քննար­կե­ցին նաեւ ար­տա­քին տնտե­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ուղ­ղու­թեամբ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րը, գոր­ծըն­կեր եր­կիր­նե­րու հետ ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման նպա­տա­կով ձեռ­նար­կուած քայ­լե­րը։

Նալ­պան­տեան եւ դես­պան­նե­րը անդ­րա­դար­ձան նաեւ շարք մը հրա­տապ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին բնոյ­թով խնդիր­նե­րու եւ ա­նոնց լուծ­ման ու­ղի­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ Ե­րե­ւա­նի մօ­տե­ցում­նե­րուն։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2015