ՆՈՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Թուրքիա կը շարունակէ զանազան նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ՝ իր ազդեցութեան գօտիէն ներս ուժանիւթի միջոցներու տեսակաւորութիւն ապահովելու ուղղեալ նախաձեռնութիւններով։ Այս ամբողջին մէջ ձեւաւորուած հերթական առանցքն է Թուրքիա-Ատրպէյճան-Թիւրքմենիստան եռակողմանի համագործակցութիւնը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ մէկտեղուեցաւ Թիւրքմենիստանի նախագահ Սերտար Պերտիմուհամետովի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Եռակողմանի գագաթաժողովը տեղի ունեցաւ Թիւրքմենիստանի Աւազա քաղաքին մէջ։

Այս առթիւ նախագահ Էրտողան ուժանիւթի ոլորտին վերաբերեալ կարեւոր պատգամներ տուաւ՝ Անգարայի նոր տեսլականները բանաձեւելով։ Այսպէս, ան համոզուած է, թէ ժամանակը եկած է, որպէսզի Թիւրքմենիստանի բնական կազը Թուրքիոյ վրայով տեղափոխուի դէպի Արեւմուտք։ «Այս ուղղութեամբ պէտք է ժամ առաջ շարժման անցնիլ», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ Թուրքիա պատրաստ է նաեւ աշխատանք տանելու, որպէսզի Թիւրքմենիստանէն եւ Ատրպէյճանէն ելեկտրական հոսանք ստանայ։

Աւազա քաղաքի գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս, երեք ղեկավարները թէ՛ ունեցան առանձին հանդիպում եւ թէ իրենց գլխաւորութեամբ տեղի ունեցան պատուիրակութիւններու բանակցութիւններ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2022