ԲՈՒՌՆ ՎԵՐՋՆԱԳԻՐ

Սուրիոյ հիւսիսի իրադարձութիւնները անխուսափելի եւ անհեռանկար լարուածութեան մը ծնունդ տուած են Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ։ Մինչ Թուրքիա բուռն վերջնագիր մը կու տայ ԱՄՆ-ին, միջազգային միւս դերակատարներն ալ կը հետեւին մտահոգութեամբ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ Աֆրինի գործողութիւնները կրնան սկսիլ ամէն պահ։ Իր այս խօսքերուն զուգահեռ Թուրք զինեալ ուժերը կուտակումներ կը կատարեն Սուրիոյ սահմանին վրայ։

Ամերիկեան կողմը ՓԵՏ ահաբեկչական կազմակերպութեան միջոցաւ կը ծրագրէ սահմանապահ միաւոր մը ստեղծել Սուրիոյ հիւսիսին։ Այս երեւոյթը տարածքաշրջանէ ներս ստեղծած է հակամարտութեան մթնոլորտ։ Մոսկուայի եւ Դամասկոսի ղեկավարութիւններն ալ հակազդեցութիւն ցոյց կու տան այս մտադրութեան դէմ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտնեց, որ ԱՄՆ չի փափաքիր պահպանել Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը։ Դամասկոսի իշխանութիւնները տեղեկացուցին, որ ԱՄՆ-ի կողմէ խրախուսուած այս բանակին մասնակցելիք սուրիացիները պիտի համարուին դաւաճան։

Էրտողան, որ երէկ հիւրընկալեց Քաթարի էմիր Էլ Սանին, յայտնեց, որ ԱՄՆ-ի կողմէ նախատեսուած այդ բանակը Թուրքիոյ կողմէ առանց ծնելու պիտի խեղդուի։ Ուաշինկթընին հասցէագրուած աննախընթացօրէն խիստ պատգամներով հանդէս եկաւ նախագահը։ «Ռազմավարական դաշնակցիդ առջեւ պիտի խայտառակուիս», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց,  թէ Թուրքիոյ պատրաստութիւնները կատարեալ են զինեալ գործողութիւններու համար։

Միւս կողմէ, Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ կը նախատեսուին շարք մը բարձր մակարդակի շփումներ։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար այսօր Պրիւքսելի մէջ կը տեսակցի ԱՄՆ-ի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտի հետ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ կը մէկտեղուի իր ամերիկացի պաշտօնակցին՝ Ռեքս Թիլըրսընի հետ։

Երեքշաբթի, Յունուար 16, 2018