ԵՒ ՄՈՐԻՍ ԼԵՒԻ…

Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչի գրասենեակին մէջ երէկ առաւօտ տեղի ունեցաւ հերթի փոխանցման հաւաքոյթ։ Այսպէսով, անցեալ տարեվերջին ընտրուած Մորիս Լեւի պաշտօնապէս ստանձնեց այդ առաքելութիւնը։

Այժմ արդէն նախկին ներկայացուցիչ Փրոֆ. Թորոս Ալճանի կողմէ երէկուան հաւաքոյթը կազմակերպուած էր մեծ բծախնդրութեամբ։ Հաշուի առնուած էր ամէն տեսակ մանրամասնութիւն։ Ներկայ էին ոչ-իսլամ համայնքներու աշխարհական ղեկավարները։ Մեր համայնքը ներկայացուց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։ Ներկայ էր նաեւ Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ՝ յանուն Հայ կաթողիկէ հասարակութեան։ Մասնակիցներու մակարդակը բարձր էր, պայմանները հանդիսաւոր էին, սակայն այս բոլորին առընթեր բոլոր ներկաները ջերմ ու անմիջական մթնոլորտի մը մէջ ողջունեցին Մորիս Լեւին։ Այս վերջինը արդէն նոր դէմք մըն է եւ իրմով կը սկսի նոր շրջան մը՝ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչի գործունէութեան մէջ՝ ի շարունակութիւն վերջին ինն տարիներու նախընթացներուն։

Փրոֆ. Թորոս Ալճան հաւաքոյթի ընթացքին ամենայն թափանցիկութեամբ բոլոր փաստաթուղթներն ու տուեալները ստորագրելով պաշտօնապէս յանձնեց իր յաջորդին։ Թէ՛ Ալճան եւ թէ Լեւի արտասանեցին սրտի խօսքեր։ Արտայայտուեցաւ նաեւ Լաքի Վինկաս, որ այդ պաշտօնը վարած առաջին դէմքն էր։

Թորոս Ալճան յուշանուէր մը յանձնեց մեր համայնքէն հեղինակաւոր հաշուապահ Մուրատ Պէրպէրօղլուին, որ իր պաշտօնավարած վերջին երեք տարիներու տեւողութեան օրինակելի յանձնառութիւնով աշխատեցաւ կամաւոր՝ վերահսկելով գրասենեակի հաշիւները։ Ալճան յուշանուէր մըն ալ պատրաստած էր Համայնքային վաքըֆներու հարթակի ատենադպիր Յարութիւն Շանլըին համար, սակայն ան կը բացակայէր ակամայ։ Իր կարգին, Մորիս Լեւին ալ Թորոս Ալճանին յանձնեց յուշանուէր մը։ Այդ նուէրն էր Երուսաղէմի սրբավայրերէն մէկուն մեծադիր լուսանկարը՝ հաշուի առնելով, որ Սուրբ Քաղաքը միաստուածեան բոլոր կրօններուն համար ունի նուիրական նշանակութիւն։ Յատկանշական էր, որ Մորիս Լեւի իր ելոյթին մէջ մէջբերումներ ըրաւ հայ գրականութեան հսկաներէն Ուիլիըմ Սարոյեանէն։

Արարողութեան աւարտին ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու աշխարհական ղեկավարները ունեցան դռնփակ խորհրդակցութիւն մը՝ ներկայ տարեմուտի դրութեամբ քննարկելով օրակարգի նիւթերը։

  

Երեքշաբթի, Յունուար 16, 2018