ՀԱՍԱՆ ՌՈՒՀԱՆԻ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՊԱՔՈՒ

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի կը պատրաստուի այցելել Պաքու՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրին ընդառաջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռուհանիի այցելութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ Մարտ ամսուան վերջին շաբաթին։

Ատրպէյճանի Պետական մաքսային կոմիտէի տուեալներով՝ 2017 թուականի Յունուար-Նոյեմբեր ամիսներուն երկրի Իրանի հետ առեւտրաշրջանառութիւնը կազմած է 229 միլիոն ամերիկեան տոլար։

Երեքշաբթի, Յունուար 16, 2018