ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՏԵՂԱՊԱՀ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմէն ներս սկսաւ նոր առաջնորդի ընտրութեան գործընթացը։ Ըստ Քէօլնի առաջնորդարանի դիւանին կողմէ հասած լուրերուն, թեմակալ առաջնորդի տեղապահ ընտրուեցաւ Տ. Սերովբէ Ծ. Վրդ. Իսախանեան։

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որ այսօրերուն կը գտնուի Գերմանիոյ մէջ, գլխաւորեց գերմանահայոց թեմի նոր առաջնորդի ընտրութեան սկզբնական գործընթացը։ Երկար տարիներ թեմակալ առաջնորդի պաշտօնը վարելէ վերջ ան վերջերս ներկայացուց իր հրաժարականը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը 9 Յունուար 2018 թուակիր նամակով մը ընդունեց իր հրաժարականը եւ տուաւ իր հայրապետական օրհնութիւնը՝ Գերմանիոյ հայոց թեմի համար առաջնորդական տեղապահի մը ընտրութեան ուղղութեամբ։

Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի նախագահութեամբ, գերմանահայոց թեմի Թեմական խորհուրդը անցեալ շաբաթավերջին գումարեց արտահերթ ժողով մը։ Թեմական կանոնադրութեան տրամադրութեան հիման վրայ՝ առաջնորդական տեղապահի ընտրութիւն կատարուեցաւ գաղտնի քուէարկութեամբ։ Միաձայնութեամբ տեղապահ ընտրուեցաւ Տ. Սերովբէ Ծ. Վրդ. Իսախանեան, որ երկար տասնամեակներէ ի վեր նուիրեալ ծառայութիւն կը մատուցէր թեմէն ներս եւ անմիջական գործակիցն էր՝ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի։ Թեմական խորհուրդը 14 Յունուար 2018 թուակիր նամակով մը ընտրութեան արդիւնքը հաղորդած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ խնդրելով Վեհափառ Հայրապետի վաւերացումը եւ օրհնութիւնը։

Այսպէսով, պաշտօնավարութեան երկար շրջանէ մը վերջ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան պաշտօնապէս հեռացած եղաւ Գերմանիոյ թեմի առաջնորդի պաշտօնէն։

Գերմանահայոց թեմէն ներս յառաջիկայ ամիսներուն կը նախատեսուի նոր առաջնորդի ընտրութիւնը։

Երեքշաբթի, Յունուար 16, 2018