ՍԵՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎ. «ՀՆԱՐԱՒՈՐ ՉԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԸ ԼՈՒԾԵԼ ՄԷԿ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹՈՎ»

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ հնարաւոր չէ մէկ փաստաթուղթով լուծել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը եւ անհրաժեշտ է փուլային մօտեցում։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Լաւրով Մոսկուայի մէջ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց՝ ամփոփելու համար անցեալ դիւանագիտական տարին։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին։ Ան ըսաւ. «Մենք զանազան ու խտացեալ ջանքեր գործադրած ենք, փորձած ենք կողմերու դիրքորոշումները ամփոփել, փորձած ենք առանձնացնել այն կէտերը, որոնց շուրջ անոնց դիրքորոշումները կը համընկնին։ Միեւնոյն ժամանակ՝ փորձած ենք հաշուել այն փոխզիջումները, որոնց միջոցաւ կրնանք կողմերը ընդհանուր յայտարարի մը բերել այն հարցերուն մէջ, որոնց շուրջ առկայ են տարբեր մօտեցումներ։ Խնդրի կարգաւորման յստակ ծրագրեր Ռուսաստան չի կրնար ունենալ՝ որովհետեւ հակամարտութիւնը կրնան կարգաւորել միայն հակամարտ կողմերը»։

Լաւրով աւելցուց նաեւ, որ հակամարտ կողմերը տեղեակ են ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու բոլոր առաջարկներէն։ «Մենք կ՚ակնկալենք, որ դրական ազդանշաններ ստանանք երկու կողմերէն ալ», նշեց Լաւրով։

Բաց աստի, ռուս նախարարի խօսքերով՝ կարեւոր է, որ այսօր հակամարտութեան գօտին հանգիստ ըլլայ, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ անցնիլ քաղաքական կարգաւորման։

Անցեալ տարուան Դեկտեմբերին Լաւրով յայտնած էր, որ ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններուն մէջ տակաւին չկայ լուրջ արձագանգ։

Ռուս նախարարի երէկուան յայտարարութիւններուն լոյսին տակ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան յայտարարութիւններ ըրաւ «Արմէնփրէս» գործակալութեան։ «Խօսքը ծրարային լուծման մասին է՝ փուլային իրականացմամբ, որու վերաբերեալ բազմաթիւ անգամ յայտարարած են համանախագահ երկիրները», ըսաւ ան։

Երեքշաբթի, Յունուար 16, 2018