ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ անպաշտօն հանդիպում մը ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախտածէի հետ։ Վրաստանի Պոլնիս գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին Պախտածէ հերթական անգամ շնորհաւորեց Նիկոլ Փաշինեանը՝ վարչապետ նշանակուելու կապակցութեամբ։ Պախտածէ համոզուած է, որ երկկողմանի յետագայ աշխոյժ համագործակցութիւնը պիտի նպաստէ հարեւան ու բարեկամ այս երկու պետութիւններու միջեւ զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան զարգացման եւ ընդլայնման։ Փաշինեանն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց շնորհաւորութիւններուն համար եւ ընդգծեց հայ-վրացական յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը բոլոր ոլորտներէ ներս։ Անպաշտօն հանդիպման ընթացքին երկու վարչապետները կարծիքներ փոխանակեցին Երեւան-Թիֆլիզ յարաբերութիւններու օրակարգի շարք մը հարցերուն շուրջ։

Փաշինեան եւ Պախտածէ կարճատեւ հանդիպում մըն ալ ունեցան Պոլնիսի գիւղի բնակիչներու հետ, որոնց շարքին կը գտնուէին նաեւ հայեր։ Անցեալի մէջ այդ գիւղը կը կոչուէր Պոլնիս-Խաչեն։

Չորեքշաբթի, Յունուար 16, 2019