ՃՈՆ ՊՈԼԹԸՆ ԿԸ ՀՐԱՀՐԷ ԱՄՆ-Ի ԿՈՂՄԷ ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՀՌՉԱԿՈՒԻԼԸ

Ամերիկեան «The Intercept» կայքէջը հաղորդեց, որ Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթըն հետզհետէ կ՚աւելցնէ իր ազդեցութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան մէջ եւ ան կը ձգտի ռմբակոծել Իրանը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Մեհ-տի Հասանի ստորագրութեամբ լոյս տեսած է այս լրատուութիւնը, ըստ որու Պոլթըն ԱՄՆ-ի վարչախումբէն ներս լուրջ ուժի մը հասած է եւ կը ձգտի Իրանի դէմ պատերազմի։ Ան յիշեցուցած է ԱՄՆ-ի նախկին պաշտպանութեան նախարար Ճիմ Մեթիսի Պոլթընի վերաբերեալ որակումը, թէ ան մարմնացեալ սատանայ մըն է։ ԱՄՆ-ի վարչախումբէն ներս Պոլթընի հետ վիճած բազմաթիւ անձեր թողած են իրենց պաշտօնը։ Հակառակ այս բոլորին Պոլթըն կը մնայ իր գործին գլուխը եւ կ՚ապահովէ, որ հրաժարեալ պաշտօնատարներու փոխարէն նշանակուին անուններ, որոնք կը պաշտպանեն Իրանի դէմ պատերազմի տեսակէտը։ Նախագահ Տանըլտ Թրամփ թէեւ յայտարարած է, որ Սուրիայէն ԱՄՆ-ի զօրքերը ժամ առաջ դուրս պիտի բերուին, սակայն Պոլթըն հակառակ ուղղութեամբ մեկնաբանութիւն մը ըրած է։

Փենթակոնի իրաւասուներն ալ մտահոգ են, որ Պոլթըն կրնայ հրահրել Իրանի դէմ պատերազմ մը, որովհետեւ վարչախումբէն ներս ան բազմաթիւ դաշնակիցներ ունի՝ Իրանի դէմ ըլլալու հասարակաց յայտարարին վրայ։ Ճոն Պոլթըն վարչախումբէն ներս կը չէզոքացնէ պատերազմի դէմ անունները, ուստի կարճ ժամանակի մը ընթացքին կրնայ պատճառ դառնալ Իրանի դէմ պատերազմի մը։

Մեհտի Հասան կը յիշեցնէ նաեւ, որ 2002 թուականին Իրաքի վերաբերեալ անհիմն հիւլէական զէնքերու տարածման պատրուակով Իրաքի բռնագրաւման գլխաւոր դերակատարներէն մին էր Ճոն Պոլթըն, որ պատճառ դարձաւ հարիւր հազարաւոր իրաքցիներու մահուան։ 

Չորեքշաբթի, Յունուար 16, 2019