ՆԱԽԱԳԱՀ ԹՐԱՄՓ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԻ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳԻՐԸ

Ուաշինկթընի մօտ  Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Վարուժան Ներսէսեան Սպիտակ տան մէջ յանձնեց իր հաւատարմագիրը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հաւատարմագրի յանձնման արարողութիւնը տեղի ունեցած է յունուարի 11-ին։ Ողջունելով նախագահ Թրամփը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ժողովուրդի անունով՝ Վարուժան Ներսէսեան նշեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ ու պատասխանատուութիւն է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանը ներկայացնել այս կարեւոր ժամանակաշրջանին։

Արարողութեան յաջորդած կարճ զրոյցի ընթացքին նախագահ Թրամփ եւ դեսպան Ներսէսեան կարեւորեցին զանազան ոլորտներէ ներս երկկողմանի յարաբերութիւններու ընդլայնման ուղղուած քայլերը։ Կողմերը ընդգծեցին ամերիկահայ համայնքի դերակատարութիւնը երկու երկիրներու միջեւ բարեկամութեան զարգացման ուղղութեամբ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 16, 2019