ՆԵՐՈՒԺԻ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, երէկ շարունակեց իր բարձր մակարդակի հանդիպումները։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան երկրորդ անգամ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Պետական նախարար Սուլթան էլ Ճապէրի հետ՝ քննարկելով տնտեսութեան զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան հեռանկարները։ Արմէն Սարգսեան նշեց, որ Հայաստան թէեւ փոքր երկիր մըն է, բայց հայերը համաշխարհային եւ սերտօրէն իրարու կապուած ազգ մը կը հանդիսանան։ «Եւ ես՝ որպէս նախագահ, երբ կը խօսիմ համագործակցութեան մասին, նկատի չունիմ միայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որովհետեւ հայերը, հայկական գործարարութիւնը աշխարհի վրայ ամէնուր են եւ շնորհիւ այս գործօնին անհամեմատօրէն կը մեծնայ համագործակցութեան ներուժը», ըսաւ ան։

Նախագահ Սարգսեան եւ էլ Ճապէր պայմանաւորուեցան, որպէսզի առաջին հերթին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն պատուիրակութիւն մը Հայաստան այցելէ՝ տեղւոյն վրայ ծանօթանայ հնարաւորութիւններուն, քննարկումներ ծաւալէ եւ առաջարկները գործնական հիմքերու վրայ դնէ։

Այս հանդիպման առընթեր Արմէն Սարգսեան երէկ այցելեց Masdar City նորարարական քաղաքը։ Այս վերջինը Ապու Տապիի մէջ կառուցումը շարունակուող քաղաքներէն մին է։ Ան յաճախ կ՚անուանուի նաեւ ապագայի բնապահպանական քաղաքը, որ ամբողջութեամբ պէտք է սնուցուի արեւի եւ վերականգնուող ուժանիւթի այլ աղբիւրներով։ Քաղաքային զարգացման փիլիսոփայութիւնը հիմնուած է տնտեսական, ընկերային եւ շրջակայ միջավայրի կայունութեան պահպանման սկզբունքին վրայ։ Թափօններու նուազեցման, ջրային պաշարներու օգտագործման, ուժանիւթի արդիւնաւէտութեան ոլորտներու մէջ նոր լուծումներու կիրառման շնորհիւ այս մէկը ուղենիշային օրինակ մը կը համարուի քաղաքներու զարգացման տեսակէտէ։ Միեւնոյն ժամանակ, այս քաղաքի պարագային, փորձագիտութիւններու եւ կրթութեան համալիրի զարգացման համար համագործակցութիւն կը ծաւալուի Մասաչուսեցի փորձագիտական կաճառին (MIT) հետ, ինչ որ կրթական նոր հեռանկարներ կը բանայ զանազան երկիրներէ ուսանողներու համար, ներառեալ Հայաստանը։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան այս առաւօտ ալ հանդիպում մը ունեցաւ ALNOWAIS ներդրումային ընկերութեան հիմնադիր անդամ ու նախագահ Հիւսէյին էլ Նովայիսի հետ։ Այս ընկերութիւնն ալ յառաջիկային պատուիրակութիւն մը պիտի ուղարկէ Հայաստան՝ հնարաւորութիւններուն աւելի մօտէն ծանօթանալու եւ յստակ ծրագրեր մշակելու նպատակով։

Չորեքշաբթի, Յունուար 16, 2019