ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԴԱՐՁԵԱԼ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այսօր Փարիզի մէջ հանդիպում մը կ՚ունենայ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ։ Այս հանդիպման սեմին, Զօհրապ Մնացականեան շաբաթավերջին Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մնացականեան եւ Մայիլեան հանգամանալից կարծիքներ փոխանակեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին շուրջ, որ յառաջ կը տարուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ։ Մնացականեան մասնաւորապէս ընդգծեց, որ Արցախի կարգավիճակն ու անվտանգութիւնը Հայաստանի առաջնահերթութիւններն են։ Ան վերստին շեշտեց խաղաղութեան գործընթացէն ներս Արցախի որոշիչ ձայնի եւ ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը։ Նախարարի խօսքով՝ այս դիրքորոշումը քաջածանօթ է յատկապէս անոնց, որոնք Հայաստանի հետ ներգրաւուած են լուծման գործընթացին։ Ընդորում, այս շրջանակներէն ներս վերջին ամիսներուն տեղի ունեցած հանդիպումներով ապահովուած է դրական թափ մը։

Զօհրապ Մնացականեան մատնանշեց, որ հիմնախնդրի լուծման համար հարկաւոր է հակամարտութեան բոլոր կողմերու՝ խաղաղութեան հասնելու իրական յանձնառութիւնը։ Ան կարեւորեց լարուածութեան բացառման, ռիսքերու նուազեցման միջոցներու կիրառման եւ անոնց շարունակական զարգացման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկումը։ Այս բոլորը մաս կը կազմեն խաղաղութեան համար նպաստաւոր մթնոլորտի մը ձեւաւորման։

Թէ՛ Մնացականեան եւ թէ Մայիլեան նշեցին, որ ռազմատենչ հռետորաբանութեան օգտագործումէն զերծ մնալը կրնայ լաւագոյնս բնորոշել խաղաղ հանգուցալուծման յանձնառութիւնը։ Կողմերը հերթական անգամ ընդգծեցին, որ խաղաղութիւնը թէեւ գերակայ է, սակայն պէտք չէ շփոթուի վճռականութեան պակասի հետ։ Նախարարները անդրադարձան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու օրակարգին վրայ նախատեսուած միջոցառումներուն եւ կարեւորեցին անոնց նախօրեակին իրարու միջեւ կարծիքներու փոխանակումը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 16, 2019