BREXIT-Ը ՑՆՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏՃԱՌ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ

Անգլիոյ Եւրոմիութենէն դուրս գալու գործընթացը՝ BREXIT վերածուեցաւ իսկական թնճուկի մը։ Լոնտոնի ղեկավարութեան եւ ԵՄ-ի միջեւ համաձայնեցուած BREXIT-ի համաձայնութիւնը չարժանացաւ Անգլիոյ խորհրդարանի հաւանութեան։ Երէկ, Անգլիոյ խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցաւ BREXIT-ի համաձայնութեան շուրջ քուէարկութիւն։ Արդիւնքին այդ համաձայնութիւնը մերժուեցաւ՝ ձայներու 432-202 յարաբերակցութեամբ։

Այս վիճակը շատ լուրջ հարուած մը կը համարուի Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի դէմ։ 2016 թուականին BREXIT-ի մասին որոշումը Անգլիոյ մէջ ընդունուած էր հանրաքուէով եւ անմիջապէս յաջորդած շրջանին ալ Թերեզա Մէյ ստանձնած էր կառավարութեան ղեկը։ Ներկայիս ան բաւական ծանր վիճակի մը մէջ կը գտնուի։ Ընդդիմադիր ուժերու պահանջով Անգլիոյ խորհրդարանէն ներս այսօր վստահութեան քուէարկութիւն կը կատարուի Թերեզա Մէյի համար։

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն յայտնեց, որ բացառուած է BREXIT-ի պայմաններու շուրջ Լոնտոնի հետ Եւրոմիութեան նոր բանակցութիւններու հաւանականութիւնը։ Իր կարգին, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէրն ալ յայտնեց, որ աճած է անվերահսկելի BREXIT-ի վտանգը։ Իսկ Եւրոխորհրդարանի նախագահ Անթոնիօ Թայանի «վատ նորութիւն» որակեց անգլիացի խորհրդարանականներու երէկուան քուէարկութեան արդիւնքը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 16, 2019