ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Միւնիխի Միջազգային անվտանգութեան խորհրդաժողովին, որու շրջագծով ապրուեցաւ դիւանագիտական լուրջ երթեւեկ մը։ Նալպանտեանն ալ ունեցաւ բազմակողմանի շփումներ՝ տեսակցելով իր զանազան երկիրներէ պաշտօնակիցներուն եւ այլ դէմքերու հետ։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեան Միւնիխի մէջ տեսակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վիքթորիա Նուլանտի հետ։ Զրուցակիցները խօսեցան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ տարածքաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով շարք մը հրատապ խնդիրներու։ Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու բարձր մակարդակին կապակցութեամբ։ Անոնք կարեւորեցին վերջին տարիներուն Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ բարեկամական գործընկերութեան ամրապնդման ուղղեալ քայլերը։ Նալպանտեան եւ Նուլանտ կարծիքներ փոխանակեցին զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան հետագայ զարգացման ուղիներուն շուրջ։
Միւնիխի մէջ Նալպանտեան տեսակցեցաւ նաեւ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխէյիլ Ճանելիծէի, Սլովաքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաքի, Յորդանանի Արտաքին գործոց նախարար Նասըր Ճուտէի, Պրազիլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մաուրօ Վիէյրայի, Քաթարի Արտաքին գործոց նախարար Շէյխ Մուհամմէտ Պին Ապտիւլռահման Էլ Թանինի, Մոլտաւիոյ Արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Կալպուրի հետ։ Բաց աստի, Նալպանտեան տեսակցեցաւ Միւնիխի Միջազգային անվտանգութեան համաժողովի նախագահ դեսպան Վոլֆկանկ Իշինկէրի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի մօտ գերմանական նախագահութեան գծով Գերմանիոյ կառավարութեան յատուկ ներկայացուցիչ Կերնոթ Էրլէրի հետ։
Հարկ է նշել, որ Միւնիխի միջազգային անվտանգութեան համաժողովը այս տարի կազմակերպուեցաւ 52-րդ անգամ։ Աշխարհի շուրջ երկու տասնեակ երկիրներու պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարները մասնակցեցան համաժողովին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ քառասուն երկիրներէ արտաքին գործոց նախարարներ ու շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ։