ՄԱՀ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՅԱՅՏՆԻ ԲԵՄԱԴՐԻՉ ՊԵՐՃ ՖԱԶԼԵԱՆԻ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Պէյ­րու­թի մէջ իր մահ­կանացուն կնքեց բե­մադ­րիչ եւ դե­րա­սան Պերճ Ֆազ­լեան: Պո­լիս ծնած Ֆազ­լեան կը հա­մա­րուի լի­բա­նա­նեան թատ­րո­նի կա­րե­ւոր կեր­տիչ­նե­րէն մին: Մաս­նա­ւո­րա­պէս Ռահ­պա­նի եղ­բայր­նե­րուն եւ Ֆէյ­րու­զի հետ իր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ՝ Ֆազ­լեան յա­ջո­ղած է կեր­տել լի­բա­նա­նեան  թատ­րո­նի ոս­կի օ­ղակ­նե­րէն մին: Ֆազ­լեան կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նի նաեւ լի­բա­նա­նա­հայ թատ­րո­նի մօ­տիկ ան­ցեա­լի պատ­մու­թեան մէջ: Ան հան­դէս ե­կած է տաս­նեակ շար­ժան­կար­նե­րու մէջ եւ բեմ հա­նած՝ մեծ թի­ւով թա­տե­րա­կան բե­մադ­րու­թիւն­ներ: Մտա­ւո­րա­կան Ֆազ­լեան նոյն­պէս իր ու­րոյն տե­ղը ու­նե­ցած գա­ղու­թի մտա­ւո­րա­կան շրջա­նակ­նե­րուն մօտ եւ ա­նոր կե­ցուածք­նե­րը կ­­՚ըն­կա­լուէին խո­րա­գոյն յար­գան­քով: Ան, որ­պէս թատ­րո­նի  եւ թա­տե­րա­կան նիւ­թե­րու դա­սա­խօս, յայտ­նի ա­նուն մըն է Լի­բա­նա­նի հա­մալ­սա­րա­նա­կան շրջա­նա­կա­նե­րէն ներս եւ ար­ժա­նա­ցած է տե­ղա­կան մտա­ւո­րա­կան եւ գե­ղա­րուես­տի շրջա­նակ­նե­րու յար­գան­քին: Ֆազ­լեան ա­մու­սինն է գե­ղան­կա­րիչ Սիր­վարդ Ֆազ­լեա­նի եւ հայ­րը՝ Լի­բա­նա­նի Սիմ­ֆո­նիք նուա­գա­խում­բի ղե­կա­վար Յա­րութ Ֆազ­լեա­նի: 

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2016