ՏԱԹԵՒԻ ՄԷՋ ՆՈՐԱՊՍԱԿՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳ

«Հա­յաս­տա­նի զար­գաց­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ» (IDeA) հիմ­նադ­րա­մի «Տա­թե­ւի վերած­նունդ» ծրագ­րի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եր­րորդ տա­րին ըլ­լա­լով Տա­թեւ հա­մայն­քին մէջ Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի տօ­նը ա­ռանձ­նա­յա­տուկ կեր­պով նշուած է:

Փետ­րուար 14-ին, Տա­թե­ւի վան­քին մէջ, վա­նա­հայր Տ. Մի­քա­յէլ Վար­դա­պետ Գէոր­գեա­նի ձե­ռամբ, կա­տա­րուած է ա­ւե­լի քան քսան­հինգ նո­րապ­սակ­նե­րու օրհ­նու­թեան կարգ, ո­րուն յա­ջոր­դած է տօ­նա­կան հիւ­րա­սի­րու­թիւն, երգ ու պար:

«Նման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը կը մտեր­մաց­նեն նո­րաս­տեղծ ըն­տա­նիք­նե­րը, իսկ Տա­թե­ւի բնա­կիչ­նե­րը ի­րենք զի­րենք ա­ւե­լի ներգ­րա­ւուած կը զգան հա­մայն­քա­յին կեան­քին», ը­սած է Հայր Մի­քա­յէլ: Ա­նոր խօս­քով, այս­պի­սի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը կը նպաս­տեն ե­կե­ղեց­ւոյ շուրջ հա­մախմբ­ման, հո­գե­ւոր կեան­քի զար­թօն­քին եւ ազ­գա­յին ա­ւան­դոյթ­նե­րու պահ­պան­ման:

«Տա­թե­ւի վե­րած­նունդ» ծրագ­րի ղե­կա­վար Հայկ Թու­թուն­ջեան նշած է, որ տօ­նա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը նպա­տակ կը հե­տապն­դեն ոչ միայն հա­մախմ­բե­լու ե­րի­տա­սարդ զոյ­գե­րը, այ­լեւ տօ­նե­րու մի­ջո­ցով զբօ­սաշր­ջա­յին ոչ-աշ­խոյժ շրջա­նին մէջ նպաս­տե­լու հա­մայն­քա­յին կեան­քի աշ­խու­ժաց­ման Տա­թե­ւի տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 16, 2017