ՊԱՏՈՒԱԿԱՆ ՀԻՒՐ

Համայնքային շրջանակները երէկ հիւրընկալեցին Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը միջազգային ժողովի մը մասնակցեցաւ քաղաքիս մէջ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Արսէն Թորոսեան երէկ առաւօտ այցելեց Պատրիարքարան, ուր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ համայնքային շրջանակներուն կողմէ։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախարարը ընդունեց՝ իր կողքին ունենալով Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը, հոգեւոր հայրեր եւ համայնքային շրջանակներէ ներկայացուցիչներ։ Նախարարի ընկերակից պատուիրակութեան միացած էին նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան եւ ներկայացուցչական խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան։ Ելոյթներու փոխանակումէն վերջ նախարարը պատասխանեց զանազան հարցումներու։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Արսէն Թորոսեանին նուիրեց՝ Պատրիարքարանի ձեռագործներուն վերաբերեալ ալպոմ մը։ Արսէն Թորոսեանն ալ ուրախութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն վերջ առաջին անգամ կառավարութեան անդամ մը կ՚այցելէ Թուրքիա եւ այդ գործը իրեն վիճակած էր։

Պատրիարքարանէն վերջ նախարար Արսէն Թորոսեան այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին նախարարը։ Թէ՛ Պետրոս Շիրինօղլու եւ թէ բժշկապետ Արմենակ Մեծատուրեան մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեցին հիւանդանոցի պատմութեան, առաքելութեան, հնարաւորութիւններուն, ֆիզիքական ու մասնագիտական կարելիութիւններուն ու մեր համայնքէն ներս ունեցած դերակատարութեան շուրջ։ Հոգաբարձութեան ընդունարանին մէջ տեղեկութիւններ քաղելէ վերջ, Արսէն Թորոսեան նախ տեսաւ թանգարանը եւ աւելի վերջ շրջայց մը կատարեց գթութեան յարկի համալիրէն ներս։ Կէսօրուան ժամերուն «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ սեղան մըն ալ սարքուեցաւ ի պատիւ Արսէն Թորոսեանին։ Ճաշասեղանի շուրջ շարունակուեցաւ ջերմ մթնոլորտը։ Արտասանուեցան բաժակաճառեր, մինչ նախարարը դրական տպաւորութիւններ փոխանցեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէ ներս ունեցած վկայութիւններուն շուրջ։

Ճաշէն վերջ հիւանդանոցի համալիրէն ներս շրջայցը շարունակուեցաւ եւ Արսէն Թորոսեան կարելիութիւն ունեցաւ հնարաւորինս ամբողջական պատկերացում մը կազմելու հաստատութեան մասին։ Հուսկ, ան հիւանդանոցէն հրաժեշտ առաւ՝ փոխանցելով յարատեւութեան մաղթանքներ։

Նախարար Արսէն Թորոսեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ երեկոյեան վերադարձաւ Երեւան։ 

Շաբաթ, Փետրուար 16, 2019