ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ա­ւար­տեց իր պաշ­տօ­նա­կան շփում­նե­րը Մոս­կուա­յի մէջ։ Այ­ցե­լու­թեան ծրագ­րի գա­գաթ­նա­յին հան­դի­պում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան այս փու­լին։ Սերժ Սարգ­սեան օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի եւ Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի հետ։ Հան­դի­պում­նե­րու ըն­թաց­քին ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն քննար­կուե­ցան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Սարգ­սեան Մոս­կուա­յի մէջ յայ­տա­րա­րեց, որ Հա­յաս­տան բարձր կը գնա­հա­տէ Ռու­սաս­տա­նի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ միւս եր­կիր­նե­րու՝ Ֆրան­սա­յի եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ներդ­րու­մը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Իր կար­գին, Փու­թինն ալ ընդգ­ծեց, որ Ռու­սաս­տան կը շա­րու­նա­կէ ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րել հա­կա­մար­տու­թեան փո­խա­դարձ ըն­դու­նե­լի լու­ծում­նե­րու ո­րոն­ման հար­ցին մէջ՝ թէ՛ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի եւ թէ Ե­րե­ւա­նի եւ Պա­քուի հետ ու­ղիղ շփում­նե­րու մի­ջո­ցա­ւ։

Հինգշաբթի, Մարտ 16, 2017