ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ ՔՈՓԵՆՀԱԿԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Քոփենհակ, ուր բազմակողմանի շփումներ ունեցաւ Դանիոյ ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքերու հետ։ Քոփենհակի մէջ Եդուարդ Նալպանտեան տեսակցեցաւ Դանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Անտերս Սամուէլսէնի, Խորհրդարանի փոխ-նախագահ Քրիստիան Եուլի, Մշակոյթի նախարար Մեթէ Պոքի, Դանիոյ Արտասահմանեան վարկաւորման գործակալութեան ղեկավար Քրիստիան Ֆրիկաստի, Պետական եկամուտներու նախարար Քարսթէն Լորիթզէնի, Կառավարութեան պետական քարտուղարի տեղակալ Մայքըլ Սթարպաք Քրիստէնսէնի, ինչպէս նաեւ Դանիոյ Արտաքին քաղաքական ընկերակցութեան անդամներուն հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեանի այցելութեան օրերուն ստորագրուեցաւ համաձայնութիւն մը, որ կը նախատեսէ երկու երկիրներու միջեւ կրկնակի հարկումներու ջնջումը։

Ուրբաթ, Մարտ 16, 2018