ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

Երէկ, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան խորհուրդի ժողովը։ Չորս տարուայ ընդհատումէ մը վերջ գումարուեցաւ այս նիստը։ Այս խորհուրդը կողմերու միջեւ որոշում ընդունելու ամենաբարձր հարթակն է։ Նիստի ընթացքին թրքական պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու։ Եւրոպական պատուիրակութիւնը գլխաւորեցին ԵՄ-ի արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի եւ Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման ու հարեւանութեան քաղաքականութեան գծով կոմիսար Եոհաննէս Հան։

Կը հաղորդուի, որ թէեւ որոշ բնագաւառներու մէջ կողմերու ներդաշնակութեան մակարդակը բարձրացած է, սակայն կողմերու տարակարծութիւնները առկայ կը մնան այն առանցքային նիւթերու շուրջ, որոնք կը պայմանաւորեն անդամակցութեան գործընթացը։

Ֆետերիքա Մոկերինի Թուրքիոյ պարագային քննադատութիւններ հասցէագրեց մանաւանդ արդարադատութեան բնագաւառի պարագային։ Իր կարգին, նախարար Չավուշօղլու բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ՝ յիշեցնելով Պելժիոյ իրադարձութիւնները, որոնք ՓՔՔ-ի արդարացման ակնյայտ փորձեր կը համարուին։

Շաբաթ, Մարտ 16, 2019