«ԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ԿԱՆՈՆՆԵՐՈՎ ԸՆԹԱՑՔ»
Ռազմեր եւ ծանր հրետանիով ռմբակոծումներ, մինչ Քիեւի մէջ «պարէտային ժամ» հաստատուած է։ Խերսով արդէն Ռուսաստանի զինեալ ուժերու տիրապետութեան տակ է։ Ուքրայնայի մէջ, թէեւ ռազմական գործողութիւնները մասամբ դանդաղած են, բայց եւ այնպէս, պատերազմը «հաստատակամ» կերպով կը շարունակուի։ Կիզակէտային կը շարունակեն մնալ մէկ կողմէ Ռուսաստանի պահանջները, իսկ միւս կողմէ Ուքրայնայի բանակի դիմադրութիւնը՝ մասնաւորապէս մայրաքաղաքի համար։ Ճիշդ է, որ Քիեւի մէջ ադամանդի կամ նաւթի մեծ պաշարներ չկան, սակայն, որեւէ կերպով անոր անկումը պիտի ըլլայ այս պատերազմի դարձակէտը։
Ռուսաստանի բանակի բանբեր Իկոր Քոնաշենքով երէկ յայտարարեց, որ Խերսով քաղաքը ամբողջութեամբ անցած է ռուսական բանակի տիրապետութեան տակ, ինչ որ արդէն սպասելի էր։ Այստեղ կարեւոր է հասկնալ, թէ ռուսաց ձեռքը անցած այս քաղաքին ճակատագիրը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Այլ կերպ ըսած՝ արդեօք այդ քաղաքը «ներքին» դիմադրութիւն մը ցոյց պիտի տա՞յ ռուսերուն դէմ։ Սա կրնայ ոչ միայն յաւելեալ գլխացաւ մը դառնալ Մոսկուայի համար, այլեւ կարեւոր նախընթաց մը՝ ուրիշ քաղաքներու պարագային։
Ինչ կը վերաբերի մայրաքաղաքին, ապա «քրիթիք» ժամերը իրարու կը յաջորդեն։ Ռուսական հրետանին յաճախ կը թիրախաւորէ բնակելի շրջաններ ու շէնքեր։ Երէկ ալ մարդկային կորուստներ արձանագրուեցան։ Հարկ է նշել, որ այս պատերազմին ռուսական կողմին համար մեծագոյն խնդիրը դարձած է անզէն եւ խաղաղ բնակչութիւնը։ Ռուսական աղբիւրները այս մասին քանիցս մեղադրեցին Զելենսքիի վարչախումբը՝ նշելով, որ ան կը շահագործէ անզէն քաղաքացիներու հարցը՝ որպէս «կենդանի վահան»։ Ուքրանական կողմը այս հարցը իբրեւ «նուէր» կը գործածէ եւ, անշուշտ, օգնութեան կը կանչէ Արեւմտեան ամբողջ մետիան՝ կրակ բանալով ռուսաց դէմ ու, անշուշտ, յայտարարելով, որ «տեսէ՛ք, ռուսերը հոս նախճիր կը գործեն»։
Ամէն պարագայի տակ, այս վիճակները պատերազմի բառարաններուն մէջ գրուած «անգիր կանոններ» են եւ որեւէ կողմ կը փորձէ դէպի իր կողմը դարձնել «ճշմարտութեան սլաքը»։ Կը մոռցուի, անշուշտ, որ որեւէ կողմի (ենթադրեալ) յաղթանակի պարագային այդ սեւ ժապաւէնները եւ կորուստի ցաւերը պիտի անցնին-երթան պատմութեան էջերուն։ Հիմա այստեղ կը շարունակէ էական մնալ իմանալ այն պահը՝ «ճշմարտութեան պա՛հը», որու հիմքով ալ Ռուսաստան պիտի կատարէ իր վերջին հազար կամ հարիւր մեթրի «սփրինթ»ը, որպէսզի անոր հրասայլերը «տողանցեն» մեծ հաշուով ընկճուած ու աւերուած Քիեւի հրապարակներուն վրայ։
Միւս կողմէ, հարկ է նաեւ հաշուի առնել Քիեւի քաղաքապետ Վիթալի Քլիչքոյի յայտարարութիւնը։ Հաշուի առնելով Քիեւի մէջ մարդկային զոհերու թիւի բարձրաձումը, ան երէկ «պարէտային ժամ» հաստատեց 36 ժամուան համար։ Այդ ընթացքին արգիլուած պիտի ըլլայ որեւէ ձեւով դուրս ելլել։
Իր կարգին, ռազմական վերլուծաբան Ուաէլ Ալլամի երէկ BBC-ին յայտարարեց, որ դաշտի վրայ նկատուած իրադարձութիւնները մեծաւ մասամբ լաւատեսական չեն։ Ըստ իրեն, Ուքրայնայի ամբողջ տարածքին տեղի կ՚ունենան թէժագոյն մարտեր, յատկապէս կ՚առանձնանան Խարքովի, Ցումիի եւ Ռոտնայի ռազմաճակատները։ Մտահոգիչ է, որ Ռուսաստան կը դիմէ հետզհետէ աւելի ծանր միջոցներու, ի գործ կը դնէ իր ծանրագոյն հրետանին՝ մասնաւորապէս Քիեւի համար։ Այսպէսով ռուսական բանակը կը ձգտի աւելի դիւրութեամբ թափանցել եւ ձեռք անցընել մայրաքաղաքը։
Այս բոլորէն անդին եւ հակառակ մարդկային բաւական բարդ պայմաններուն, երկու կողմերն ալ կը շարունակեն խօսիլ բանակցութիւններու մասին։ Մինչ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած բանակցութիւնները կ՚ընթանային դէմ-դիմաց, այսօր արդէն անոնք կրնան ըլլալ հեռավար։ Խորքին մէջ, եթէ այսօր բանակցութիւն մը տեղի ունենայ, ապա սա պիտի ըլլայ հեռավար, պիտի դառնայ երկրորդ փորձ։ Պէտք չէ մոռնալ, որ այս բանակցութիւնները մեծ հաշուով կը նմանին ջուր ծեծելու, որովհետեւ որեւէ կողմ պատրաստ չէ սանթիմ մը իսկ զիջելու իր մօտեցումներէն։ Ռուսաստանի համար այս տաք փուլին պատերազմը դադրեցնելը շատ մեծ գին կրնայ ունենալ։ Ուքրայնա արդէն սկսած է խօսիլ «ՆԱԹՕ-ին մեր անդամակցութիւնը այդքան ալ կարեւոր ու կենսական չէ»ի ոճով մը, ինչ որ մեծ հաշուով ուշացած է։ Անշուշտ, կայ նաեւ Ուքրայնայի կեցուածքի անյստակութիւն մը եւ նոյնիսկ «անկանխատեսելիութիւն» մը, ինչ որ կը ստեղծէ անվստահութեան մեծ վիհ։
Մինչ ուքրանացի պաշտօնատարներ կը յայտարարեն, որ իրենք պատրաստ են բանակցութեան նստելու, անդին նախագահ Զելենսքի կը խօսի դիմադրութեան արդիւնաւէտութեան մասին, երբ իր երկրի քաղաքները կը դառնան հրոյ ճարակ ու շատ հաւանաբար ալ գալիք օրերուն կրնան իյնալ։ Ան վաղուց արդէն կը համարուի անհաւասարակշիռ ու անհեռատես ղեկավար մը։
Այս բոլորին առընթեր, ուշագրաւ է Ռուսաստանի նախագահ Փութինի բանբերին՝ Փեսքովի յայտարարութիւնը։ Ան յայտնի է իր սառնասրտութեամբ, «հանգիստ» ոճով մը բառերը իրենց տեղը դնելով։ Իր խօսքով՝ Ռուսաստանի բանակի գործողութիւնները կ՚ընթանան ճիշդ ժամանակով եւ համապատասխան կերպով։ Բանակը կը յարգէ ժամկէտները, հետեւաբար տագնապելու տեղիք չկայ։
Հասած ենք, անշուշտ, այս պատերազմի ջրբաժանային փուլին։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ Քիեւի անկումէն ետք, ո՞ւր պիտի դրուին պատերազմի նոր սահմանները, ի՞նչ ճակատագիր պիտի ունենայ Զելենսքին ու, ամենակարեւորը՝ պատերազմական գործողութիւններէն ետք ի՞նչ վիճակի մէջ պիտի յայտնուի Ռուսաստան, որ տնտեսական մեծ բեռի մը տակ է։
Կարեւոր շեշտադրում մը եւս. արդեօք այս պատերազմով Փութին սխա՞լ հաշուարկներ կատարեց եւ կամ վաղ թէ ուշ նման պատերազմի մը ծագիլը հրամայակա՞ն էր՝ ընթացք տալու համար խաղի նոր կանոններու։
Բարդ հարցումներ են, բարդ է նաեւ պատասխաններ փնտռելը։ Արդէն իսկ ակներեւ է, որ նոյնիսկ երկարատեւ ըլլալու պարագային այս պատերազմը Ուքրայնայի սահմաններէն դուրս գալու մեծ հաւանականութիւն չունի։ Կրնա՞ն պատահիլ մեծ անակնկալներ, այո՛, թէեւ կրնան, սակայն, մինչեւ այս պահը ամէն ինչ կ՚ընթանայ խաղի բոլոր «ընդունելի» կանոններով։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան