ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԴԷՊԻ ՄՈՍԿՈՒԱ ԵՒ ՔԻԵՒ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր պիտի ուղեւորուի Մոսկուա, ուր վաղը շփումներ ունենալէ վերջ պիտի անցնի Քիեւ։
Երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Նախարարաց խորհուրդի հերթական ժողովը։ Պեշթեփէի համալիրի նիստէն վերջ նախագահ Էրտողան հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, որոնց ժամանակ բացատրութիւններ տուաւ Թուրքիոյ նոր ջանքերուն շուրջ, որոնք ուղղուած են Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման։
Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ շաբաթավերջին, Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումի շրջանակներէն ներս Չավուշօղլուի միջնորդութեամբ մէկտեղուած էին Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի Արտաքին գործոց նախարարները՝ Լաւրով եւ Քուլեպա։ Այժմ, ի շարունակութիւն Չավուշօղլու կ՚ուղղուի դէպի Մոսկուա եւ Քիեւ։ Այս ուղեւորութեան ընդառաջ, հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցած է Չավուշօղլուի եւ Լաւրովի միջեւ։
Ներկայ պայմաններով Ռուսաստան-Ուքրայնա ընդհարումները ամբողջ սաստկութեամբ կը շարունակուին։ Քիեւ ամբողջութեամբ փակուած է, հաստատուած է փողոց դուրս գալու արգելք։ Ռուսական բանակի սաստիկ գործողութիւններով հանդերձ, Ուքրայնայի բանակի վերնախաւէն հրամանատարներ կը յայտնեն, որ մայրաքաղաքը դիւրութեամբ չի յանձնուիր։ Ստեղծուած բարդ իրավիճակով հանդերձ, Ուքրայնայի նախագահ Զելենսքիի խորհրդականներէն Արեստովիչ յայտնեց, որ պատերազմը մայիսի սկիզբին կը վերջանայ։
Միւս կողմէ, արեւմտեան յառաջատար դերակատարներու ջանքներն ալ կը մնան ընթացքի մէջ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յառաջիկայ շաբաթ նոյնաժամանակ երկու գագաթաժողովի պիտի մասնակցի Պրիւքսելի մէջ։ Անոնցմէ մին պիտի ըլլայ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու հերթական գագաթաժողովը, իսկ միւսը ՆԱԹՕ-ի դաշնակից երկիրներու գագաթաժողովը։ Այս վերջնոյն նախատեսուած է նաեւ Էրտողանի մասնակցութիւնը։
ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Միւս կողմէ, Չավուշօղլուի այցելութեան ընդառաջ, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան երէկ այցելեց Մոսկուա, ուր հիւրընկալուեցաւ Լաւրովի կողմէ։ Բանակցութիւններէն վերջ երկու նախարարները սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին տեղեկացուցին, թէ Մոսկուա եւ Թեհրան կը պատրաստուին նոր փաստաթուղթեր ստորագրելու։ Այսպէս, այդ կարեւոր փաստաթուղթերը Ռուսաստան-Իրան գործընկերութեան մէջ նոր որակ մը պիտի արձանագրեն։
Լաւրով յայտնեց, որ Ռուսաստան կը գնահատէ Իրանի անաչառ դիրքորոշումը Ուրքայնայի իրադրութեան վերաբերեալ։