ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի երէկ ունեցան առցանց զրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախագահները անդրադարձան քորոնաժահրի համավարակի դէմ Հայաստանէ եւ Վրաստանէ ներս ձեռք առնուած նախազգուշական միջոցներուն, կանխարգելիչ քայլերուն եւ հետեւանքներու յաղթահարման ուղղեալ ջանքերուն։ Անոնք յատկապէս ընդգծեցին ստեղծուած բարդ իրավիճակին մէջ երկու հարեւան ու բարեկամ երկիրներու միջեւ բոլոր մակարդակներով սերտ համագործակցութեան հաստատումն ու մշտական շփումները։ Նախագահները շեշտեցին, որ նման ճգնաժամային պահերուն առաւել քան երբեւէ կարեւոր կը դառնան համակցուած միջոցառումներու իրականացումն ու համատեղ ջանքերու ներդրումը։

Արմէն Սարգսեան եւ Սալոմէ Զուրապիշվիլի վստահութիւն յայտնեցին, թէ համատեղ ուժերով անպայման պիտի յաղթահարուին համավարակի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակն ու հետեւանքները եւ ապագային երկու երկիրներու համագործակցութեան ամբողջ ներուժը պիտի կարողանան ուղղել տնտեսութեան վերականգնման եւ բարեկամ ժողովուրդներու բարեկեցութեան ապահովման։ Արմէն Սարգսեան շեշտեց, որ յատկապէս ստեղծուած իրավիճակին մէջ արդիական մնալ կը շարունակէ սնունդի անվտանգութեան խնդիրը։ Այս ամբողջին մէջ զրուցակիցները անդրադարձան ներկայ փոխկապակցուած աշխարհին եւ տարածքաշրջանին մէջ պարէնային անվտանգութեան ապահովման եւ այլ շարք մը հարցերու։

Բաց աստի, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանն ալ երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի  եւ Յունական Կիպրոսի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Խրիստոտուլիտեսի հետ։ Հայաստանի եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձան համավարակի ծաւալումը կանխարգիլելու եւ անոր ընկերատնտեսական հետեւանքներու յաղթահարման ուղղութեամբ ազգային մակարդակի վրայ ձեռնարկուած քայլերուն։ Յանուն Հայաստանի կառավարութեան, Զօհրապ Մնացականեան զօրակցութիւն յայտնեց յոյն ժողովուրդին՝ համաճարակի դէմ պայքարի մէջ։ Մասնաւորապէս ընդգծելով միջազգային համագործակցութեան եւ օգնութեան ամրապնդման դերը կլոպալ մարտահրաւէրներու դիմագրաւման համար՝ նախարարները շեշտեցին Հայաստան-Յունաստան-Յունական Կիպրոս եռակողմանի հարթակի կարեւորութիւնը։ Մնացականեան եւ Տենտիաս կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ տարածքաշրջանային հարցերու շուրջ։

Մնացականեանի Խրիստոտուլիտեսի հետ զրոյցին ընթացքին ալ ընդգծուեցաւ յիշեալ եռակողմանի հարթակի կարեւորութիւնը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2020