ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ ՀԵՏ ԱՊՐԻԼ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց. «Մեր ռազմավարութիւնն է սորվիլ քորոնաժահրի հետ ապրիլ»։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Կառավարութիւն-խորհրդարան հարց ու պատասխանի ընթացքին, երեսփոխանի մը հարցման ի պատասխան ան ըսաւ հետեւեալը.

«Մենք, այսօրուայ դրութեամբ, ունինք արտադրական ձեռնարկութիւններ, որոնք այս ամբողջ ընթացքին աշխատած են եւ անոնց աշխատակիցներու շարքին արձանագրուած է քորոնաժահրի դէպք, սակայն, այդ դէպքը մուտք չէ գործած արտադրական տարածքներ։ Մենք կ՚ուզենք, որ յաջող ձեռնարկութիւններու փորձառութիւնը բաժնենք միւս ձեռնարկութիւններուն հետ։ Հիմա պարէտատան ու նախարարութեան առջեւ խնդիր դրած ենք, որպէսզի յաջող փորձառութիւնը փոխանցենք այդ ընկերութիւններուն։ Մենք գիտենք, թէ ինչ պէտք է ընել, որպէսզի 90 տոկոսով երաշխաւորենք ժահրի արտադրական տարածք չթափանցելը։ Մեր ռազմավարութիւնն է, որ պէտք է սորվինք ապրիլ քորոնաժահրի հետ զուգահեռ։ Կրնայ այս վիճակը տարի մը եւս տեւել, մենք չենք կրնար մէկ տարիով փակուիլ»։

Համավարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Հայաստանի կառավարութիւնը հրատապ աշխատանք կը տանի՝ մէկ կողմէ հասարակութեան առողջութիւնը երաշխաւորելու իսկ միւս կողմէ երկրի ընկերատնտեսական հաւասարակշռութիւնները պահելու ուղղութեամբ։

Միւս կողմէ, Երեւանի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնին մէջ երէկ մահացաւ 73-ամեայ վարակեալ մը՝ արական սեռէ։ Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան աղբիւրները յայտնեցին, որ այսպէսով երկրի մէջ համավարակի զոհերու թիւը բարձրացած է 18-ի։ Ներկայիս վարակեալներու ընդհանուր թիւն է 1159-ը։ Այս պահուն փաստացի դարմանման տակ կը գտնուի 783 վարակեալ։

Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան տեսակապի միջոցաւ մասնակցութիւն բերաւ Եւրոասիոյ տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի հերթական նիստին։ Հեռակայ դրութեամբ այս քննարկման մասնակցութիւն բերաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները՝ ներառեալ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը։ Անդրադառնալով համաճարակի դէմ ձեռնարկուած պայքարին՝ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստան կողմնակից է համագործակցութեան փիլիսոփայութեան վրայ կառուցուած մարտավարութեան։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2020