ԱՆԽԱԽՏ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան դէպի Թիֆլիզ պաշտօնական այցելութեան ընթացքին երէկ մեծ պատիւներով, ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի կողմէ։ Արմէն Սարգսեան Թիֆլիզի մէջ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի կողմէ դիմաւորուեցաւ պաշտօնական արարողութիւնով, որ տեղի ունեցաւ Վրաստանի նախագահի ապարանքին մէջ։ Երկու նախագահները այս արարողութենէն վերջ ունեցան առանձնազրոյց մը եւ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Նախագահները սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Օրուայ աւարտին Սալոմէ Զուրապիշվիլի պաշտօնական ընթրիքով մը մեծարեց նախագահ Արմէն Սարգսեանն ու Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեանը։

Թիֆլիզի շփումներուն ընթացքին Արմէն Սարգսեան յայտնեց, որ Հայաստան եւ Վրաստան երկու հնագոյն քաղաքակրթութիւններու կրողներ են, ունին համագործակցութեան հսկայական ներուժ։ Հայ-վրացական անխախտ բարեկամութեան մշտապէս ամրապնդման ցանկութիւնը զգալի է կողմերուն մօտ։ Համագործակցութեան ներուժը օգտագործելու վրայ շեշտը դրաւ Արմէն Սարգսեան, որ Թիֆլիզի մէջ հերթական անգամ կրկնեց Երեւանի մօտեցումները Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին կապակցութեամբ՝ մասնաւորապէս վերջին պատերազմի լոյսին տակ։ Արմէն Սարգսեան նշեց, որ Հայաստան մեծապէս կը կարեւորէ հարեւան ու բարեկամ Վրաստանի հետ համագործակցութեան շարունակական զարգացումը։ «Մենք շատ ընդհանրութիւններ ունինք։ Անոնք եղած են պատմութեան ընթացքին, բայց մենք կրնանք միասին աշխատելով ստեղծել նոր հնարաւորութիւններ», ըսաւ Արմէն Սարգսեան եւ աւելցուց, որ գոյութիւն ունի մեծ ներուժ մը եւ այդ մէկը պէտք է կեանքի կոչել։

Սարգսեան եւ Զուրապիշվիլի անդրադարձան նաեւ միջազգային օրակարգի հարցերուն, կարծիքի փոխանակումներ ունեցան տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ հարցերու շուրջ։ Սալոմէ Զուրապիշվիլի այս ամբողջին մէջ ընդգծեց, որ Կովկասի զարգացման համար խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը այլընտրանք չունին։ «Բոլորս կը հասկնանք, թէ տարածքաշրջանէ ներս որեւէ հակամարտութիւն կը վնասէ ամբողջ տարածքաշրջանին», ըսաւ ան։

Իր կարգին, Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանի, որ մասնակցեցաւ երէկուան բանակցութիւններուն՝ յայտնեց, թէ Արմէն Սարգսեանի այցելութիւնը լաւ առիթ մը եղած է երկկողմանի յարաբերութիւններու բոլոր հիմնական ուղղութիւնները եւ տարածքաշրջանէ ներս առկայ իրավիճակը քննարկելու համար։ Վրացի նախարարը կարեւորեց նաեւ այցելութեան ժամկէտը։ Իր խօսքով՝ Արմէն Սարգսեանի այս պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան-Թիֆլիզ յարաբերութիւնները որակապէս նոր մակարդակի մը կը բարձրանան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 16, 2021