ԱՆՍՊԱՍԵԼԻ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասը։ Շուրջ երկու տարուան պարբերութենէ մը վերջ Աթէնքէն արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով այցելութիւն մը տրուեցաւ Թուրքիա։ Երկու հարեւան երկիրները վերջին շրջանին կը դիմագրաւեն զանազան տարաձայնութիւններ ու միեւնոյն ժամանակ երկխօսութիւն յառաջ կը տանին անոնց յաղթահարման նպատակով։ Այս իրավիճակին մէջ կազմակերպուած երէկուան այցելութիւնը հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։

Անգարայի մէջ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու բանակցութիւններ վարեց Նիքոս Տենտիասի հետ։ Օրուան տեւողութեան Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւր նախարարը ընդունուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ, միշտ Չավուշօղլուի ներկայութեամբ։

Անգարա-Աթէնք առանցքի երէկուան բարձր մակարդակով այս շփումը հանրային կարծիքի օրակարգին վրայ եկաւ առաջին հերթին՝ նախարարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ պատահած բանավէճով։ Տեղական մամուլը կը գրէ, որ երկխօսութեան համար Անգարա եկած նախարարը կռիւ հանած է, Տենտիասի վարուելակերպը զարմանք յառաջացուցած է։ Մամլոյ ասուլիսը սկսած է բարեկամական մթնոլորտի մը մէջ, սակայն աւելի վերջ ստեղծուած է լարուածութիւն։

Կողմերու համատեղ օրակարգի տարակարծութիւններուն վերաբերեալ Նիքոս Տենտիաս Անգարայի մէջ քննադատական արտայայտութիւններ ունեցաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ։ Այդ կէտէն սկսեալ Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ հանդէս եկաւ բուռն միջամտութիւնով։ Նախարարը շեշտեց, որ Թուրքիա թէեւ դրական մթնոլորտի մը կը ձգտի, սակայն մեղադրանքները անընդունելի են։

Ուրբաթ, Ապրիլ 16, 2021