ԿԵՊԵԼԷԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ եռակողմանի ձեւաչափով համագործակցութիւնը կը զարգանայ բազմակողմանիօրէն։ Շաբաթավերջին այս երեք երկիրներուն պաշտպանութեան նախարարները տեսակցեցան Ատրպէյճանի Կեպելէ քաղաքին մէջ։ Այս առթիւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Իսմէթ Եըլմազ մէկտեղուեցաւ Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Թինաթին Խիտաշելիի եւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ։ Այս վերջինը տանտէրն էր սոյն հաւաքին, որու շրջագծով եռակողմ տեսակցութեան առընթեր նախարարները ունեցան նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, երեք նախարարները քննարկեցին տարածքաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր եւ ընդգծեցին ռազմական համագործակցութեան ռազմավարական նշանակութիւնը։ Բանակցութիւններու աւարտին անոնք սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին Զաքիր Հասանով տեղեկացուց, թէ օրակարգի վրայ եկած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը։
Կեպելէի մէջ Թինաթին Խիտաշելի յայտարարեց, որ Վրաստան հանդէս կու գայ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ի նպաստ։ Ան յայտնեց, թէ Թիֆլիզ կողմնակից է խաղաղութեան եւ տարածքաշրջանի երկարաժամկէտ զարգացման։
Պաշտպանութեան նախարարներու եռակողմանի ձեւաչափով այս չորրորդ տեսակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկան նաեւ նաւթամուղ եւ կազամուղ խողովակաշարներու պաշտպանութեան վերաբերեալ խնդիրներ։
Բաց աստի, Կեպելէի մէջ կողմերը համաձայնութեան եկան՝ որպէսզի Թուրքիա, Վրաստան եւ Ատրպէյճան կազմակերպեն համատեղ ռազմափորձեր։