ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շաբաթավերջին հերթական այցելութիւնը տուաւ Թուրքիա։ Երկու նախագահները մասնակցեցան Արդուին-Ռիզէի նորակառոյց օդակայանի պաշտօնական բացման արարողութեան։ Այս արարողութիւնը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունէր՝ հաշուի առնելով, որ Էրտողանի ընտանիքին անցեալը կը հասնի Ռիզէ քաղաքը։

Իր ելոյթին մէջ Ալիեւ նշեց, որ Թուրքիա օրէ օր կը զարգանայ եւ համաշխարհային մակարդակով ուժի լծակ մը դարձած է, խօսքի տէր է։ Թուրքիա ի վիճակի է նաեւ մեծ ծրագրեր կեանքի կոչելու երկրէն ներս։ Այս ամբողջին մէջ Ալիեւ թուարկեց նորակառոյց ենթակառուցուածքները ու շեշտեց, որ այս բոլորը ցոյց կու տան Թուրքիոյ ուժը։

Ալիեւ անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմին, որու առաջին օրէն մինչեւ վերջին օրը նախագահ Էրտողան եւ թուրք ժողովուրդը եղած է Ատրպէյճանի կողքին։ Այդ պատերազմը երկու երկիրներու համատեղ պատմութեան մաս կը կազմէ։ Ալիեւ յայտնեց, որ Թուրքիոյ զօրակցութիւնը երբեք պիտի չմոռնան եւ մատնանշեց այն աշխատանքները, որոնք ձեռնարկած են Ղարաբաղը վերակառուցելու համար։ Ալիեւ շեշտեց նաեւ, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած Շուշիի հռչակագիրով երկու երկիրներու յարաբերութիւնները ռազմավարական դաշնակիցի մակարդակին բարձրացած են։ «Թէ՛ բարեկամ ենք, թէ՛ եղբայր եւ թէ այլեւս՝ պաշտօնապէս դաշնակից։ Այս քաղաքականութիւնը ժառանգուած է մեր նախնիներէն», ըսաւ Ալիեւ։

Միեւնոյն ժամանակ, Ալիեւ յիշեցուց, որ առաջին անգամ այցելած է Ռիզէ, որ կը նմանի դրախտի։ «Ռիզէն թրքական աշխարհին պարգեւած է մեծ ղեկավար ու իմ եղբայր Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանը։ Երախտապարտ ենք ձեզի։ Ամբողջ թրքական աշխարհը հպարտ է ձեզմով», ըսաւ Իլհամ Ալիեւ։

Երկուշաբթի, Մայիս 16, 2022