ԿՈՐԾԱՆԻՉ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի ալեկոծեալ իրադարձութիւնները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել օրակարգը։ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար ու յայտնի գործարար Գագիկ Ծառուկեանի դէմ արդէն շարժման անցած է Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ)։ Շաբաթավերջէն ի վեր ԱԱԾ-ի աղբիւրները լուրջ մեղադրանքներ օրակարգի վրայ կը բերեն Ծառուկեանի ընկերութիւններուն կողմէ Հայաստանի պետութեան հասցուած նիւթական վնասներուն եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան գործունէութեան վերաբերեալ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ այս մթնոլորտին մէջ ամփոփ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ՝ շեշտելով, որ Հայաստանի մէջ ազատութիւնը, ժողովրդավարութիւնը եւ օրինականութիւնը այլընտրանք չունին ու բոլորը հաւասար են օրէնքի առջեւ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Հանրապետութեան Աւագ դատախազ Արթուր Դաւթեան Ազգային ժողովի նախագահութեան հետ շփման մէջ անցած է՝ Գագիկ Ծառուկեանի դէմ քրէական հետապնդման ձեռնարկուելու կապակցութեամբ։ Այս հիման վրայ կը նախատեսուի երեսփոխան Ծառուկեանի ազատազրկումը։ Ուստի, Հայաստանի Ազգային ժողովի հերթական քառօրեայ նիստին ժամանակ, պատգամաւորները այսօր կը քննարկեն Ծառուկեանը երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ զրկելու միջնորդութիւնը։ Եթէ երեսփոխանները հաւանութիւն տան Ծառուկեանը երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ զրկելու, ապա ան ամենայն հաւանականութեամբ պիտի բանտարկուի։ Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, Հայաստանի Յատուկ քննչական կոմիտէն այս առաւօտ խուզարկումներ կատարեց նաեւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակէն ներս՝ կուսակցութեան երեսփոխաններէն Նայիրա Զօհրապեանի աշխատասենեակին մէջ։ Այս իրավիճակին մէջ Նայիրա Զօհրապեան յայտնեց, որ սա քաղաքական հաշուեյարդար մըն է։

Երէկ, Գագիկ Ծառուկեան յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար՝ ան յայտնեց, որ կատարուածը իսկապէս շատ տգեղ է։ Սա կարճ խօսքով կը կոչուի քաղաքական պատուէրով քրէական գործերու յօրինում։ «Թէ ինչո՞ւ իշխանութիւնը կը դիմէ նման քայլի մը։ Պատասխանը շատ պարզ է։ Համավարակով պայմանաւորուած՝ Հայաստանի մէջ ստեղծուած է ծայրայեղ ծանր վիճակ մը։ Հայաստան կը գտնուի առողջապահական տագնապի մը մէջ, որու սոսկալի հետեւանքները մեր ազգաբնակչութիւնը տակաւին պիտի զգայ։ Տասնեակ հազարաւոր հիւանդներու եւ հարիւրաւոր մահերու պատասխանատուն կառավարութիւնն է՝ իր աններելի անլրջութեամբ, վտանգները չպատկերացնելու իր տեսակով։ Նոյնիսկ այս պահուն կառավարութիւնը չունի յստակ ռազմավարութիւն, խնդիրը չի պատկերացներ իր ամբողջ խորութեամբ։ Չի գիտեր՝ ի՞նչ պէտք է ընել, ինչպէ՞ս պէտք է դուրս գալ ստեղծուած իրավիճակէն։ Երկրէն ներս օրէ օր կ՚աճի ընկերային լարուածութիւնը։ Հազարաւոր մարդիկ մինակ մնացած են վարակի առջեւ, հարիւր հազարաւորները մնացած են մինակ՝ տնտեսական դժուարութիւններու առջեւ։ Երկրէն ներս դժգոհութիւնը ժամ առ ժամ կը մեծնայ։ Իսկ ի՞նչ կ՚ընէ իշխանութիւնը հարցերուն լուծում տալու համար, դժուար, բայց իրական աշխատանք տանելու փոխարէն՝ կ՚ընթանայ ընդդիմախօսները ահաբեկելու ճանապարհով։ Իմ դէմ իրաւապահներու արշաւը, քրէական գործերու յարուցումը սկսաւ օրեր առաջ՝ իմ յայտնի ելոյթէն յետոյ։ Անկեղծ ըսած՝ սա սպասելի էր ինծի համար։ Բայց հոգւոյս խորքին ես ունէի թոյլ յոյս մը, թէ իշխանութիւնը իմ ելոյթին մէջ հնչեցուած խնդիրները կ՚ընկալէ որպէս ահազանգ, կ՚ընկալէ որպէս երկրի տնտեսական կացութեան քաջատեղեակ մարդու զգուշացում, կ՚ընդունի իր ակնյայտ սխալները եւ կը փորձէ բոլոր ուժերու համախմբմամբ գտնել լուծումներ», ըսաւ երէկուան յայտարարութեան մէջ Ծառուկեան։

Բաց աստի, ան աւելցուց, որ ինք իր ընտրութիւնը արդէն իսկ ըրած է։ Դատելով զարգացումներէն՝ շատերը արդէն ըրած են նոյն ընտրութիւնը։ «Ես պատրաստ եմ ամէն ինչի», ըսաւ Ծառուկեան եւ քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց, որպէսզի չընկճուին, չյուսահատին։ «Մենք պիտի յաղթահարենք այս ճգնաժամը նոյնիսկ եթէ իշխանութիւններն ու անձամբ Նիկոլ Փաշինեան ամէն ինչ ընեն՝ իրավիճակը վատացնելու համար։ Ես այսօր ունիմ ընդամէնը մէկ ցանկութիւն։ Ես կ՚ուզեմ, որ մեր երկիրը դուրս գայ ստեղծուած իրավիճակէն, իսկ այս կառավարութիւնը ի վիճակի չէ ընել այս բանը։ Վերջապէս մեր երկիրը պէտք է հանդարտի։ Սիրելի՛ հայրենակիցներ, վերջաւորութեան կ՚ուզեմ բոլորէդ խնդրել, որպէսզի բոլորս պահպանենք մեր վստահութիւնը, կամքը, նաեւ կը խնդրեմ միշտ, ամէն պարագայի տակ պահպանել հակահամաճարակային բոլոր կանոնները, ձեր առողջութիւնը ինծի համար ամէն ինչէ վեր է», նշուած է Ծառուկեանի յայտարարութեան եզրափակիչ բաժնին մէջ։

Մինչ այդ, մինչ Աւագ դատախազ Արթուր Դաւթեան այս առաւօտ Հայաստանի Ազգային ժողովի ամպիոնէն ներկայացուց Գագիկ Ծառուկեանը երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ զրկելու միջնորդութիւնը՝ խորհրդարանի շէնքին առջեւ ալ շարունակուեցան բողոքի ցոյցերը։ Ոստիկանութիւնը վերահսկողութեան խիստ միջոցներ ձեռք առաւ, մինչ որոշ ցուցարարներ ալ հսկողութեան տակ առնուեցան։ Արթուր Դաւթեան այս առաւօտ խորհրդարանի ամպիոնէն յայտարարեց, որ սա մաքուր իրաւական գործընթաց մըն է եւ Գագիկ Ծառուկեանի վերաբերեալ քրէական գործը տակաւին շատ վաղ փուլի մը մէջ կը գտնուի։

Միւս կողմէ, ռուսական «Քոմերսանթ» թերթը անդրադարձաւ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքէն ներս ստեղծուած կացութեան։ Այսպէս, թերթը գրեց, որ Հայաստանի մէջ փողոցը մարտահրաւէր նետած է իշխանութեան։

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2020