ՏՈՒԵԱԼՆԵՐԸ ՄԻՇՏ ԱՀԱԶԱՆԳԱՅԻՆ
Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ վերջին վիճակագրական տուեալները հետզհետէ աւելի անհանգստացուցիչ պատկեր մը կը պարզեն։ Մասնագէտներ արդէն միջոցէ մը ի վեր ահազանգ կը հնչեցնէին, որ համավարակի տեսակէտէ երկիրը նոր տագնապի մը առջեւ կրնայ յայտնուիլ։ Վերջին մէկ շաբթուան տեւողութեան նոր վարակեալներու թիւը անընդհատ վերելք մը կ՚ապրի եւ խորապէս անհանգստացուցիչ մակարդակի մը հասած է։ Այս իրավիճակը ներկայիս կառավարութեան ալ օրակարգին վրայ առնուած է։ Եթէ իւրաքանչիւր օրուայ նոր վարակեալներու թիւը 2 հազարի շեմը անցնի, ապա անխուսափելի պիտի դառնան նոր սահմանափակումները։ Առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայ Գիտական խորհուրդի անդամները կը յանձնարարեն ամէն տեսակ ջանք գործադրել՝ ապահովելու համար, որ ժողովուրդը հետեւի համաճարակով պայմանաւորուած կանոններուն։
Երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 42 հազար 32 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1592 նոր վարակեալ։ Երէկուան դրութեամբ եւս 18 հիւանդ զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 947։
Եթէ մինչեւ այսօր հիւանդներու 60 տոկոսը Իսթանպուլի մէջ կը գտնուէր, ապա այժմ գաւառի քաղաքներուն մէջ լայն տարածում կը գտնէ համավարակը։ Այս երեւոյթը կը բացատրուի միջքաղաքային տեղափոխութիւններու համար սահմանուած արգելքներու ջնջումով։
Հուսկ, բոլոր լրատուամիջոցները կը շեշտեն, որ համավարակի մթնոլորտին մէջ երկիրը նուրբ շրջանէ մը կ՚անցնի։