ԲԱՆՋԱՐԵՂԷՆՆԵՐԷ ՊԱՅՈՒՍԱԿՆԵՐ

Ֆրանսական հեղինակաւոր «Hermès» նորաձեւութեան տունը «Instagram»ի ընկերային ցանցի իր կայքէջին վրայ ներկայացուցած է արդէն դասական դարձած «Birkin» պայուսակներու լիովին ուտելու տարբերակները, որոնք պատրաստուած են իսկական բանջարեղէնէ: Այս մասին կը գրէ «Luxury Launches»ը ու կը նշէ, որ պայուսակներու ստեղծման վրայ աշխատած է նկարիչ եւ ձեւագծող Պէն Տենցէր:

Բուսական ծագում ունեցող «Birkin» պայուսակները բնօրինակի ճշգրիտ կրկնօրինակն են: Այս պահուն ապրանքանիշի «Instagram»ի էջին վրայ ներկայացուած է պայուսակի երեք տարբերակ՝ պատրաստուած ծնեբեկէ, կաղամբէ եւ վարունգէ:

Մինդ այդ, Պէն Տենցէր իր անձնական հաշուին մէջ ցոյց կու տայ պայուսակներու ստեղծման փուլ առ փուլ գործընթացը: Ան հրապարակած է նաեւ պայուսակի քանի մը այլ տարբերակ, որոնք պատրաստուած են միրգերէ, մասնաւորապէս, պանանէ եւ խնձորէ:

Չորեքշաբթի, Յունիս 16, 2021