ԼԱՒԱԳՈՅՆՆԵՐՈՒ ԼԱՒԱԳՈՅՆԸ

Երեւանի «Արարատ» քոնիաքի գործարանին կողմէ արտադրուած «Նայիրի»ն ոսկէ մետայլի արժանացաւ Թոքիոյի ուիսքիի եւ ոգելից ըմպելիներու մրցոյթի շրջանակին մէջ։ Ճաբոնի մայրաքաղաքէն ներս այս տարուայ մրցակցութեան աշխարհի զանազան երկիրներէն 427 ոգելից ըմպելի մասնակցեցաւ։ Անոնց շարքին հայկական «Նայիրի»ն ոսկէ մետայլի արժանացաւ։

«Արարատ» գործարանը 1967 թուականէն ի վեր կ՚արտադրէ «Նայիրի»ն, որ քսան տարուայ հնութիւն ունի։ Այս քոնիաքը ցայսօր աւելի քան երեսուն ոսկէ մետայլի արժանացած է, վերջին հաշուով Թոքիոյի մէջ դասուելով «Լաւագոյններու լաւագոյնը» անուանակարգին մէջ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 16, 2021