ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԷՆ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան նախընթաց օր ընդունեց Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրները թողարկեցին Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցած հանդիպումէն դրուագ մը։ «Անատոլու» գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ զրոյցը տեղի ունեցած է դռնփակ։ Հայկական լրահոսին վրայ ալ լայն արձագանգ գտած էր այս տեսակցութիւնը։
Ալեքսէյ Օվերչուք Արցախի երկրորդ պատերազմէն ի վեր կը զբաղեցնէ կարեւոր պաշտօն մը։ Ան համանախագահն է Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան՝ փոխ-վարչապետներու գլխաւորած աշխատանքային խումբին, որ հետամուտ է Հարաւային Կովկասէ ներս տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման։ Համապատասխան գործընթացը թէեւ ընթացքի մէջ է, սակայն լուրջ բարդութիւններով կ՚ուղղորդուի՝ մանաւանդ, որ Պաքուէն յաճախ կը հնչեն Զանգեզուրի միջանցքին վերաբերեալ յայտարարութիւններ կամ պնդումներ։ Անգարայէն ալ մօտաւոր անցեալին այդ ակնկալութիւնը բարձրաձայնուած էր՝ նախագահ Էրտողանի կողմէ։
Մինչ այդ, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան այս օրերուն կը նշեն Շուշիի հռչակագրի ստորագրման տարեդարձը։ Իլհամ Ալիեւ այս առթիւ նշեց, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան բարոյական ու քաղաքական չափանիշներու վրայ աշխարհի ամենամօտ երկիրները կը հանդիսանան։