ՆՈՐ ՈՍՏՈՒՄԻ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան հիմնադրութեան 30-ամեակը այս շրջանին կը նշուի յոբելենական ծրագրով մը։ Այս առթիւ Երեւան այցելեցին ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճաննի Ինֆանթինօ եւ ՈՒԷՖԱ-ի նախագահ Ալեքսանտր Զաֆերին, որոնց հետ է նաեւ ՖԻՖԱ-ի հիմնադրամի գործադիր տնօրէն հայազգի Եուրի Ճորքայեւ։ Ծանօթ է, որ այս վերջինը Ֆրանսայի ազգային հաւաքականին հետ նուաճած է աշխարհի ախոյենութիւնը։ Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Արմէն Մելիքբէկեանի կողմէ կը հիւրընկալուին բարձրաստիճան հիւրերը, որոնք երէկ ընդունուեցան նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Զրոյցի տեւողութեան շօշափուեցան Հայաստանէ ներս ֆութպոլի ենթակառուցուածքներու զարգացման հեռանկարները։ Փաշինեան եւ Ինֆանթինօ անդրադարձան Հայաստանէ ներս ազգային մարզադաշտի կառուցման աշխատանքներուն։
Միւս կողմէ, այս այցելութեան առթիւ Ծովագիւղի մէջ տեղի ունեցաւ նոր մարզադաշտի բացումը, որու առթիւ աշխարհահռչակ վեթերաններու ընկերային մրցում մը կազմակերպուած էր։ Հայասատանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւս հետեւեցաւ այս խաղին։