ՊԱՏՈՒԱԿԱՆ ՓՐՈՖԵՍԷՕՐԻ ԿՈՉՈՒՄ

Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը։ Այսպէս, Երեւանի Պետական համալսարանի գիտական աստիճան ստացած շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Նոպէլեան մրցանակի արժանացած առաջին հայ գիտնականը՝ Արտեմ Փաթափութեան, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Երեւանի Պետական համալսարանի վերատեսուչ Յովհաննէս Յովհաննիսեան այս առթիւ Արտեմ Փաթափութեանին շնորհեց պատուակալ փրոֆեսէօրի կոչում, ինչ որ նախատեսուած էր գիտական խորհուրդի որոշումով։

Պետական աւագանիէն հիւրերու ալ ներկայութեամբ սրտի խօսք մը արտասանեց Արտեմ Փաթափութեան, որ յայտնեց, թէ յաջողութեան հասնելու կարեւոր գրաւականներէն են կրթութիւնը, քրտնաջան աշխատանքը, նուիրեալ ուսուցիչներն ու դասախօսները։ Իր խօսքով՝ պէտք է հաւատալ սեփական ուժերուն, զբաղիլ սիրած աշխատանքով ու նուիրուիլ այդ բոլորին։ Այս օրերուն Երեւանի մէջ արժանացած ջերմ վերաբերմունքին մասին տպաւորութիւններն ալ բաժնեց աշխարհահռչակ գիտնականը, որ դիտել տուաւ, թէ Հայաստան վերադառնալը մեծ պատիւ է իրեն համար։ Արտեմ Փաթափութեան շեշտեց, որ երկիրը ունի մեծ ոգի։

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2022