ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼՈՅՍԸ

15 յուլիսի Ժողովրդավարութեան եւ ազգային միասնականութեան օրը երէկ մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ Թուրքիոյ մէջ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան թէ՛ մայրաքաղաք Անգարայի եւ թէ Իսթանպուլի մէջ օրուան տեւողութեան մասնակցեցաւ մէկէ աւելի ձեռնարկներու։ 15 յուլիս 2016 թուականի ձախող պետական հարուածի երրորդ տարելիցը բնորոշուեցաւ աննախընթաց խանդավառութեան առընթեր ժողովուրդի զգօնութեամբ։ Զօրակցութեան լոյսը շողաց ամբողջ երկրին մէջ՝ մինչ հանրութեան բոլոր խաւերը համախմբուեցան ժողովրդավարութեան գիտակցութեամբ։

Նախագահ Էրտողան ներկայ գտնուեցաւ Պեշթեփէի համալիրէն ներս կազմակերպուած տօնակատարութեան մը, որմէ վերջ ալ ներկայ գտնուեցաւ Ազգային մեծ ժողովի յատուկ նիստին։ Օրուան երկրորդ կէսին ան անցաւ Իսթանպուլ, ուր ելոյթ մը ունեցաւ Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանէն ներս կազմակերպուած հանրահաւաքին ժամանակ։ Ծովածաւալ բազմութեան մը մասնակցութեամբ խօսեցաւ Էրտողան, որ ասպարէզ կարդաց պետական հարուածը ծրագրողներուն դէմ ու շեշտեց, որ տականքները պիտի չյաջողին ձեռք անցընել Թուրքիան։

Էրտողան Պեշթեփէի համալիրէն ներս ծաղիկներ ալ թողուց նահատակներու շիրիմներուն։ Ան կատարեց նաեւ մայրաքաղաքէ ներս հիմնադրուած «Յիշողութիւն 15 յուլիս» թանգարանին բացումը։ Հարկ է նշել, որ այս թանգարանին մէջ կը ցուցադրուի նաեւ այն բջիջային հեռախօսը, որով Էրտողան 15 յուլիս 2016-ի ուշ գիշերին հեռուստաեթերի ժամանակ դիմադրութեան առաջին կոչը ուղղած էր ժողովուրդին։

Երեքշաբթի, Յուլիս 16, 2019