ՎԱՂԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԿԱԶՄՈՒԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՐՄԻՆԸ

Գումգաբուի մէջ վաղը նախատեսուած է համայնքային կարեւոր ժողով մը, որուն պիտի նախագահէ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Այսպէս, խորհրդակցութեան հրաւիրուած են Կրօնական ժողովի անդամներն ու համայնքային մարմիններու ատենապետները կամ ներկայացուցիչները։ Այս ժողովի հիման վրայ պիտի կազմուի պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինը։ Յառաջիկայ շրջանին, Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի աշխատանքները յառաջ պիտի տարուին նախաձեռնարկ մարմնին կողմէ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 16, 2019