ԱՊԱԳԱՅԻ ԴԱՇԻՆՔ

Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ՄԱԿ-ի մէջ մասնակցեցաւ բարձր մակարդակով քաղաքական ֆորումի մը, որու առթիւ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Նիւ Եորք։ ՄԱԿ-ի Կայուն զարգացման նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս կազմակերպուած էր այս հաւաքոյթը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Միրզոյեան Նիւ Եորքի մէջ կ՚ունենայ նաեւ կարգ մը երկկողմանի հանդիպումներ ու կը մասնակցի յարակից ձեռնարկներու։

Արարատ Միրզոյեան, Նիւ Եորքի մէջ, երէկ ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան երրորդ կամաւոր ազգային զեկոյցը՝ Կայուն զարգացման օրակարգին, նպատակներուն եւ թիրախներուն շուրջ։ Հայաստանի կողմէ նախորդ երկու ազգային զեկոյցները ներկայացուած էին 2018 եւ 2020 թուականներուն։

Երէկ, ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ունեցած ելոյթին ընթացքին Արարատ Միրզոյեան շեշտեց, որ 2030 թուականին ուղղեալ օրակարգը կը մնայ Հայաստանի կառավարութեան հիմնական ճանապարհային քարտէսը՝ կայուն զարգացման հասնելու համար։ Մէջբերելով նաեւ ընդհանուր քարտուղարի վերջին զեկոյցի մատնանշումները՝ ան դիտել տուաւ, որ համընկնած բազմաթիւ տագնապներ ժխտական ազդեցութիւն կը գործեն՝ կայուն զարգացման նպատակներու իրականացման համաշխարհային յառաջընթացին վրայ։ «Ուժի կիրառումը, մարդու իրաւանց կոպիտ խախտումները եւ էթնիք զտումները կը շարունակեն ձեւաւորել միջազգային յարաբերութիւնները», ըսաւ ան։ Ի շարունակութիւն՝ նախարարը յիշեցուց համաշխարհային համաճարակի ընթացքին Հայաստանին ենթարկուած բռնութիւնն ու դիմագրաւած լայնածաւալ պատերազմը, նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման եւ էթնիք զտումներուն հետեւանքով դէպի երկիր աւելի քան 100 հազար բռնի տեղահանեալներու հոսքը։

«Միջազգային հանրութեան համերաշխութիւնն ու արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը վճռորոշ նշանակութիւն ունին այս բացասական միտումը փոխելու եւ ապագայ սերունդներուն աւելի ապահով ու լաւ աշխարհ մը թողելու համար», ըսաւ ան։ Միրզոյեան շեշտեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու հեռանկարային ապագայի եւ արդիւնքներուն միտուած «Ապագայի դաշինք»ի ընդունման։

Երեքշաբթի, Յուլիս 16, 2024