ԱՏԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՔ…

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի պար­տէ­զի պատերուն վրայ ան­ծա­նօթ ան­ձեր գրի ա­ռած են ցե­ղա­պաշտ լո­զունգ­ներ։ Դէպ­քը պա­տա­հած է 12 Օ­գոս­տոս Ուր­բաթ ե­րե­կո­յեան։

Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Թո­րոս Ալ­ճան տե­ղե­կա­ցուց, որ այս խնդրին կա­պակ­ցու­թեամբ ան­մի­ջա­պէս շարժ­ման ան­ցած են Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Մար­գար Է­սաեան, Իս­թան­պու­լի Անվ­տան­գու­թեան տնօ­րէն Մուս­թա­ֆա Չա­լըշ­քան եւ Սկիւ­տա­րի Անվ­տան­գու­թեան տնօ­րէն Կիւր­հան Քա­յա։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Թո­րոս Ալ­ճան այս նիւ­թին շուրջ հան­դէս ե­կած է յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը՝ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի հան­գա­ման­քով։ Իր ստո­րագ­րու­թեամբ ե­րէկ հրա­պա­րա­կուած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ուղ­ղուած է ամ­բողջ հան­րա­յին կար­ծի­քին։ Ան պա­խա­րա­կած է դէպ­քը ու շեշ­տած է, որ նման ա­րարք­նե­րը ակըն­-յայ­տօ­րէն կը հա­մա­րուին ա­տե­լու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­ներ։ Ալ­ճան ցաւ յայտ­նած է, որ դժբախ­տա­բար երկ­րի փոք­րա­մաս­նա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը ա­տեն-ա­տեն կ՚են­թար-կըւին նման յար­ձա­կում­նե­րու։ Ան շեշ­տած է, թէ Թուր­քիոյ միու­թեան ու միաս­նա­կա­նու­թեան հա­մար ներ­կա­յիս հա­մախմ­բուած են երկ­րին բո­լոր տար­րե­րը։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ Ալ­ճան յոյս յայտ­նած է, որ փու­թով ձեր­բա­կա­լուին ու ար­դա­րա­դա­տու­թեան հա­մա­կար­գին յանձ­նուին այն խա­փա­նա­րար­նե­րը, ո­րոնք ի­րա­կա­նա­ցու­ցած են այս յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը։ Ալ­ճան յան­ցա­գործ­նե­րը խստիւ պա­խա­րա­կած է՝ յաչս Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան ա­չա­լուրջ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն։

Վե­րո­յի­շեալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը Թո­րոս Ալ­ճա­նի կող­մէ հրա­պա­րա­կուած է Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի հան­գա­ման­քով եւ նոյն գրա­սե­նեա­կի մի­ջոց­նե­րով գտած է տա­րա­ծում։ Այս­պէ­սով այդ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը հա­սած է Թուր­քիոյ բո­լոր ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն եւ այլ պատ­կան շրջա­նակ­նե­րուն։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2016