ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ՏՈԼՄԱՅԻ ՓԱՌԱՏՕՆ

Վրաս­տա­նի հայ կի­նե­րու «Շու­շա­նիկ» միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, Վի­րա­հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի, «Հա­յար­տուն» կեդ­րո­նի եւ ան­հատ բա­րե­րար­նե­րու ա­ջակ­ցու­թեամբ Թիֆ­լի­զի Ս. Էջ­միա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է հայ­կա­կան ազ­գա­յին կա­րեկ­րա­տե­սա­կի՝ տոլ­մա­յի փա­ռա­տօն-մրցու­մը: Ըստ «Ար­մէնփրէ-ս»ի, այս մա­սին տե­ղե­կա­ցու­ցած է Վի­րա­հա­յոց Թե­մը՝ ա­ւելց­նե­լով. «Լաւ ա­ւան­դու­թիւն դար­ձած է Վրաս­տա­նի ազ­գա­յին միւս ար­ժէք­նե­րուն հետ միա­սին ներ­կա­յաց­նել նաեւ հայ­կա­կան խո­հա­նո­ցը իր բազ­մա­զա­նու­թեամբ, որ հա­յոց բազ­մա­դա­րեան մշա­կոյ­թի ան­բա­ժան մասն է: Այս տա­րի «Տոլ­մա-2016» փա­ռա­տօն-մրցու­մին մաս­նակ­ցու­թեան ցան­կու­թիւն յայտ­նած էին ոչ միայն «Շու­շա­նիկ» միու­թեան ան­դամ­նե­րը, այլ նաեւ՝ Վրաս­տա­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թիւ­նը, «Վրաս­տան» եւ «Ա­լիք­մե­տիա» մայ­րե­նի լե­զուով լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը, թիւ 104 հայ­կա­կան դպրո­ցը, հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, մշա­կու­թա­յին հա­մոյթ­ներ, Թիֆ­լի­զի մէջ գոր­ծող քա­նի մը ճա­շա­րան­ներ ու սրճա­րան­ներ եւ բա­զում տնա­յին տնտե­սու­հի­ներ, թի­ւով՝ 37 մաս­նա­կից»:

Սե­ղան­նե­րուն վրայ շա­րուած էին գե­ղե­ցիկ ձե­ւա­ւո­րուած 45 կաթ­սա­ներ՝ հայ­կա­կան տոլ­մա­յի տա­րա­տե­սակ­նե­րով: «Փա­ռա­տօն-2016»ի մաս­նա­կից­նե­րուն խո­հա­րա­րա­կան հմտու­թիւ­նը գնա­հա­տե­լու հա­մար ձեռ­նար­կին կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն հրա­ւէ­րով Թիֆ­լիզ մեկ­նած էր Հայ խո­հա­րա­րա­կան ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման եւ պահ­պան­ման հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­գահ Սեդ­րակ Մա­մու­լեան` կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ­ներ Գա­րիկ Գէոր­գեա­նի, Գրի­շա Ան­տի­նեա­նի, Ար­մէն Քե­ֆե­լեա­նի եւ Ախ­թա­լա­յի քա­ղա­քա­պետ Հայկ Խա­չի­կեա­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ:

Փա­ռա­տօ­նին պա­տուոյ հիւրն էր Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վաս­տա­կա­ւոր ա­րուես­տա­գի­տու­հի, ծնուն­դով թիֆ­լիզ­ցի Լէյ­լա Սա­րի­բէ­կեան:

Վրաս­տա­նի հայ կի­նե­րու «Շու­շա­նիկ» միու­թեան նա­խա­գահ Սու­սան­նա Խա­չատ­րեան ող­ջու­նե­լով  մաս­նա­կից­ներն ու ներ­կա­նե­րը՝ փա­ռա­տօն-մրցու­մը բա­ցուած յայ­տա­րա­րեց: Վի­րա­հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Վազ­գէն Եպսկ. Մեր­զան­խա­նեան եւ Թե­մա­կալ ա­ռաջ­նոր­դի օգ­նա­կան Տ. Խո­րէն Վրդ. Յով­հան­նի­սեան օրհ­նե­ցին տոլ­մա­յով լի կաթ­սա­նե­րը եւ բա­րե­յա­ջող ըն­թացք մաղ­թե­ցին փա­ռա­տօ­նին:

Հա­յոց հի­նա­ւուրց ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կը լեփ­լե­ցուն էր։ Ժա­մա­նած էին տե­ղա­ցի­ներ եւ բազ­մա­թիւ հիւ­րեր՝ հա­յեր, վրա­ցի­ներ, ռու­սեր եւ ար­տա­սահ­ման­ցի­ներ: Տոլ­մա­յի համ­տե­սու­մը կ՚ըն­թա­նար ու­րախ հա­մեր­գով, զոր կը վա­րէին թե­մի մշա­կոյ­թի բա­ժան­մուն­քի տնօ­րէն Լե­ւոն Չի­տի­լեան եւ մե­նա­կա­տար-երգ­չու­հի Ան­նա Պօ­ղո­սո­վա-Պա­տա­լեան:

«Տոլ­մա-2016» փա­ռա­տօն-մրցու­մը հայ­րե­նա­սի­րա­կան եւ ազ­գա­յին եր­գե­րու ան­զու­գա­կան կա­տա­րում­նե­րով ող­ջու­նեց ա­րուես­տա­գի­տու­հի Լէյ­լա Սա­րի­բէ­կեան` ար­ժա­նա­նա­լով ներ­կա­նե­րուն բուռն ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րուն:

Հինգ հո­գիէ բաղ­կա­ցած հե­ղի­նա­կա­ւոր դա­տա­կան կազ­մը՝ Հա­յաս­տա­նի գլխա­ւոր խո­հա­րար Սեդ­րակ Մա­մու­լեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, հա­մի, ձե­ւա­ւոր­ման եւ մտայ­ղաց­ման ա­նուա­նա­կար­գե­րու մրցա­նակ­ներ շնոր­հեց «Կա­լան­տա» ճա­շա­րա­նին, «Կրե­քօ օ­թէլ» ճա­շա­րա­նին, Ս. Էջ­միա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ Ե­կե­ղե­ցա­սէր կի­նե­րու միու­թեան ան­դամ Քնա­րիկ Ոս­կա­նեա­նին, իսկ «Կրան փրի» մրցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցաւ «Ման­կալ-հաուզ Թիֆ­լիզ» ճա­շա­րա­նը:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2016