ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԻ ՄԸ ՎԻՃԱԿԸ ԱՆՍՏՈՅԳ

Հա­լէ­պի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցած ծանր մար­տե­րուն ըն­թաց­քին ան­հե­տա­ցած էր հայ զի­նուոր մը, ո­րուն ա­նու­նը մին­չեւ վեր­ջերս չէր յստա­կա­ցած։ Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ տեղ­ւոյն հա­յու­թեան մատ­նուած վի­ճա­կին շուրջ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցող հայ­կա­կան աղ­բիւր­նե­րը ո­րոշ չա­փով հա­կա­սա­կան տուեալ­ներ կը փո­խան­ցէին կամ լռու­թիւն պա­հել կը նա­խընտ­րէին այս նիւ­թին շուրջ։ «Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջը հա­ղոր­դեց, որ ան­հե­տա­ցած այդ հայ զի­նուո­րը կը կո­չուի Յա­րութ Քահ­քէ­ճեան։ Հարկ է նշել, որ այս վեր­ջի­նը կը ծա­ռա­յէր Սու­րիոյ բա­նա­կին մէջ եւ Հա­լէ­պի «Ալ Հըք­մէ» վար­ժա­րա­նի մօ­տա­կայ­քի դիր­քե­րուն մէջ ան­հե­տա­ցած էր ներ­կայ ամ­սուան սկիզ­բին։ Իր հայ­րը՝ Յա­կոբ Քահ­քէ­ճեանն ալ հաս­տա­տած է, որ որ­դին ներ­կայ ամ­սուան սկիզ­բէն ի վեր կը մնայ ան­յայտ։

Վե­րո­յի­շեալ վար­ժա­րա­նին մէջ պա­տա­հած մար­տե­րուն ժա­մա­նակ հա­ղոր­դուած էր, թէ եր­կու հայ զի­նուոր­ներ վի­րա­ւո­րուած էին։ Ա­նոնց­մէ ա­ռա­ջի­նը փո­խադ­րուած էր հի­ւան­դա­նոց։ Երկ­րոր­դին ճա­կա­տա­գի­րը կը մնար անս­տոյգ։ Յի­շեալ աղ­բիւր­նե­րը Հա­լէ­պէն տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ այդ երկ­րորդ զի­նուո­րին վե­րա­բե­րեալ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը չա­փա­զանց պղտոր են ու խիստ հա­ւա­նա­կան է, որ ան չըլ­լայ հայ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2016