ՊԱՀՊԱՆԵԼ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԸ

«Հա­յաս­տա­նը ու­նի շատ հա­րուստ ու երկ­նա­յին մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւն», այս խօս­քե­րով՝ Հա­յաս­տա­նի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին իր պատ­մու­թեան կը սկսի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Smithsonian հաս­տա­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին կա­պե­րու բաժ­նի ղե­կա­վար Մոլ­լի Ֆան­նոն:

Ըստ «Ա­մե­րի­կա­յի ձայն»ի՝ ա­նոր խօս­քով, իբ­րեւ հա­մաշ­խար­հա­յին մշա­կոյ­թի պահ­պա­նու­թեամբ զբա­ղող խո­շո­րա­գոյն հաս­տա­տու­թիւն, Smithsonian թան­գա­րա­նը կը փա­փա­քի պահ­պա­նել եւ տա­րա­ծել ոչ միայն հա­զա­րա­մեայ պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող հա­յե­րու ի­րե­ղէն մշա­կոյ­թը, այ­լեւ՝ պա­րը, կե­րա­կուր­նե­րը, կեն­սա­կեր­պը, ա­րուես­տի բո­վան­դա­կու­թիւ­նը։

Այդ նպա­տա­կով Smithsonian հաս­տա­տու­թիւ­նը՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Մի­ջազ­գա­յին զար­գաց­ման գոր­ծա­կա­լու­թեան նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեամբ՝ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հետ հա­մա­տեղ կը մշա­կէ ծրա­գիր­ներ, ո­րոնք ուղ­ղուած են հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի պահ­պան­ման եւ մշա­կու­թա­յին զբօ­սաշր­ջու­թեան զար­գաց­ման:

«Մեր նպա­տակն է ա­պա­հո­վել Հա­յաս­տա­նի մշա­կու­թա­յին ո­լոր­տի կա­յուն զար­գա­ցու­մը՝ կա­պե­լով այն մշա­կու­թա­յին զբօ­սաշր­ջու­թեան հետ եւ տնտե­սա­կան նոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ստեղ­ծե­լով այդ ո­լոր­տին մէջ», ը­սած է Մոլ­լի Ֆան­նոն:

Ըստ Մոլ­լի Ֆան­նո­նի, մշա­կոյ­թի պահ­պա­նու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ զգա­լի տնտե­սա­կան աղ­բիւր­ներ, այս­պէ­սով՝ շատ կա­րե­ւոր է մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան ո­լոր­տին մէջ տնտե­սա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ստեղ­ծու­մը:

Ե­ռա­կողմ ծրագ­րին ծի­րէն ներս՝ Smithsonian-ը ստեղ­ծած է «Իմ Հա­յաս­տան» ծրա­գի­րը, ո­րուն նպա­տակն է գրա­ւել զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու հե­տաքրք­րա­սի­րու­թիւ­նը եւ խթա­նել ա­նոնց ներգ­րա­ւու­մը Հա­յաս­տա­նի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան նկատ­մամբ:

«Զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու մեծ մա­սը Ե­րե­ւան կ՚այ­ցե­լէ, լաւ ժա­մա­նակ կ՚ան­ցը­նէ Ե­րե­ւա­նի մէջ (ի­րօք, ա­նի­կա հրա­շա­լի քա­ղաք մըն է եւ զբօ­սաշր­ջի­կին ա­ռա­ջար­կե­լու շատ բան ու­նի), որ­մէ ետք միայն մէկ օ­րով զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րը կ՚այ­ցե­լեն գիւ­ղա­կան վայ­րեր: Մեր նպա­տա­կը այդ հոս­քը կանգ­նեց­նե­լը չէ: Մենք կ՚ու­զենք նոր զբօ­սաշր­ջիկ­ներ գրա­ւել, ո­րոնք մաս­նա­ւո­րա­պէս պի­տի այ­ցե­լեն ոչ թէ մայ­րա­քա­ղաք, այլ՝ պի­տի շրջին Հա­յաս­տա­նի այլ վայ­րե­րը», ը­սած է Մոլ­լի Ֆան­նոն:

Ան նշած է նաեւ, որ Smithsonian-ը հայ­կա­կան կող­մին հետ միա­սին մշա­կած է եր­կու հիմ­նա­կան ու­ղի՝ հիւ­սի­սա­յին եւ հա­րա­ւա­յին, ո­րոնց շուրջ պի­տի ստեղ­ծուին են­թա­կա­ռոյց­ներ՝ թոյլ տա­լով զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն հա­ճե­լի եւ յար­մա­րա­ւէտ հան­գիստ վա­յե­լել Հա­յաս­տա­նի մար­զե­րուն մէջ՝ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ մար­զե­րու բնա­կիչ­նե­րուն հա­մար բա­նա­լով նոր հե­ռան­կա­րա­յին աշ­խա­տա­տե­ղի­ներ:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2016