ԴԵՍՊԱՆԻ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ ստորագրուած հրամանագրերուն հիման վրայ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ Սպիտակ Ռուսիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանը։ Այսպէս, նախագահական հրամանագրով մը դեսպանի պաշտօնէն ետ կանչուեցաւ Օլեկ Եսայեան, որ վերջին տարիներուն կը պաշտօնավարէր Մինսքի մէջ։ Ան միեւնոյն ժամանակ որպէս լիազօր ներկայացուցիչ Հայաստանը կը ներկայացնէր Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) կանոնադրական եւ այլ մարմիններու մօտ։ Նախագահական հրամանագրով Օլեկ Եսայեան ազատուեցաւ նաեւ այս պաշտօնէն։ Նոյպէս Արմէն Սարգսեանի հրամանագրով, իրեն փոխարէն Սպիտակ Ռուսիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան նշանակուեցաւ Արմէն Գէորգեան։ Այս վերջինն ալ միեւնոյն ժամանակ պիտի ըլլայ ԱՊՀ-ական մարմիններու մօտ Հայաստանի ներկայացուցիչը։

Օլեկ Եսայեան անցեալի մէջ եղած է Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ։ Հայաստանի իշխանափոխութենէն վերջ, երկրի նոր ղեկավարութիւնը հակուած է արտասահմանեան ներկայացուցչութիւններու գլուխը բերել մասնագիտութեամբ դիւանագէտ դեսպաններ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 16, 2018