ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՇՈՒՐՋ ՅԱՋՈՐԴ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԸ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ

Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Իրան կը շարունակեն անմիջական աշխատանք տանիլ Սուրիոյ տագնապի լուծման ուղղութեամբ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս երեք երկիրներու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ հերթական գագաթաժողովը տեղի պիտի ունենայ Թեհրանի մէջ։ Սա պիտի ըլլայ այս ձեւաչափով երկրորդ հանդիպումը։ Այսպէս, սեպտեմբերի առաջին շաբթուան ընթացքին Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան պիտի մեկնի Թեհրան, ուր պիտի հիւրընկալուի Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի կողմէ, Ռուաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Սոյն գագաթաժողովը նախատեսուած է Աստանայի գործընթացի շրջանակներէն ներս։

Ինչպէս ծանօթ է, նոյնպէս սեպտեմբերին, նախագահ Էրտողանի նախաձեռնութեամբ Սուրիոյ հարցը քննարկելու առաջադրութեամբ գագաթաժողովի մը հրաւիրուած են նաեւ Վլատիմիր Փութին, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ։ Թուրքիոյ տանտիրութեամբ այս երեք երկիրներու ղեկավարները պիտի քննարկեն Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման հեռանկարներն ու տարածքաշրջանի մթնոլորտը։

Ինչպէս ծանօթ է, ներկայիս Սուրիոյ հիմնախնդրի պարագային Անգարայի տեսակէտէ առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ կը դարձուին Իտլիպի իրադարձութիւնները։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 16, 2018