ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԸ

Երէկ, Երեւանի մէջ նշուեցաւ Հնդկաստանի ազգային տօնը։ Երկրի անկախութեան 75-ամեակին առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արմէն Գրիգորեան, որ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ հնդիկ դեսպանին կողմէ։

Հաւաքոյթի ընթացքին Արմէն Գրիգորեան շեշտեց, որ Ճամմուի եւ Քաշմիրի հիմնախնդիրներուն մէջ Հայաստան մշտապէս սատար հանդիսացած է Հնդկաստանին։

Միեւնոյն ժամանակ Գրիգորեան ըսաւ. «Մենք մեր համերաշխութիւնը կը յայտնենք բարեկամ Հնդկաստանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին՝ քորոնաժահրի համավարակի լիակատար յաղթահարման ուղղութեամբ»։

Պաշտօնական ընդունելութեան ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեան։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 16, 2021