ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ԻՐԱՔ ՇՕՇԱՓԵԼԻ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՍԵՄԻՆ
Թուրքիա հարաւային սահմաններուն երկայնքով անվտանգութիւնը ամբողջապէս երաշխաւորելու առաջադրութեամբ բազմակողմանի նախաձեռնութիւններ յառաջ կը տանի՝ մասնաւորապէս համագործակցութիւնը խտացնելով Իրաքի եւ Սուրիոյ հետ։ Թէեւ Թուրքիա-Սուրիա բնականոնացման գործընթացը որոշ բարդութիւններով կ՚ընթանայ, սակայն, Թուրքիա-Իրաք ուղղութեան վրայ շատ աւելի շօշափելի զարգացումներ կ՚արձանագրուին այս շրջանին։ Անգարայի եւ Պաղտատի ղեկավարութիւնները փոխըմբռնման հասած են՝ վերջին շրջանի խտացեալ քննարկումներու եւ բանակցութիւններու լոյսին տակ։ Մինչ Անգարա-Դամասկոս առանցքի պարագային եւս նոյնանման ակնկալութիւններ խնդրոյ առարկայ են, այս իրադարձութիւնները կրնան պայմանաւորել տեսանելի ապագային տարածաշրջանէն ներս ստեղծուելիք համայնապատկերը։
Երէկ, Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Իրաք բարձր մակարդակի անվտանգութեան մեքանիզմի չորրորդ ժողովը։ Իրաքի պատուիրակութիւնը գլխաւորեց փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Հիւսէյին։ Թրքական պատուիրակութեան ալ գլուխն էր արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան։ Բանակցութիւններուն առընթեր, Հաքան Ֆիտան Ֆուատ Հիւսէյինը առանձնապէս հիւրընկալեց, նաեւ անոնք համատեղ մամլոյ ասուլիս մըն ալ սարքեցին։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, երէկուան բանակցութիւններուն զուգահեռ՝ Թուրքիոյ եւ Իրաքի միջեւ ստորագրուեցաւ ռազմական, անվտանգութեան համագործակցութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ արձանագրութիւն մը։ Երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները ստորագրութիւն դրին այս փաստաթուղթին տակ։ Հաքան Ֆիտան նշեց, որ Անգարայի եւ Պաղտատի միջեւ երկար ժամանակէ ի վեր քննարկման նիւթ մըն էր այս մէկը։ Նախարարը ընդգծեց փաստաթուղթի պատմական նշանակութիւնը։ Այսպէսով կը ծրագրուի հաստատել համատեղ համակարգման եւ մարզման կեդրոններ, որոնց շնորհիւ համագործակցութիւնը ամենաբարձր մակարդակի պիտի հասնի։ Ֆիտանի խօսքով՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ Իրաքի եւ Թուրքիոյ միջեւ հետզհետէ կը ձեւաւորուի հասկացութեան միութիւն մը, որով դաշտի վրայ շօշափելի քայլերով յառաջանալու ցանկութիւնն ալ կը բիւրեղանայ։ Նախարարը համոզուած է, թէ Իրաքի մէջ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան վերաբերեալ նկատման մակարդակի բարձրացում կ՚արձանագրուի։
Անգարայի երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին թրքական պատուիրակութեան կազմին մէջ էին նաեւ ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր, ՄԻԹ-ի խորհրդական Իպրահիմ Քալըն եւ ներքին գործոց փոխ-նախարար Միւնիր Քարալօղլու։ Իրաքի պատուիրակութեան մէջ ալ կային բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։
Հաքան Ֆիտան յիշեցուց, որ Իրաք ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը նախ համարած է հասարակաց սպառնալիք, իսկ աւելի վերջ այդ մէկը հռչակած է արգիլեալ կազմակերպութիւն, ինչ որ շատ բարձր արժէք կը ներկայացնէ։ Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ Անգարայի եւ Պաղտատի միջեւ շփումները անընդհատ պիտի շարունակուին։ Ֆիտան յիշեցուց, որ տարածաշրջանը շատ բարդ իրադրութիւն մը կը դիմագրաւէ եւ այս ամբողջին մէջ խօսեցաւ նաեւ Իսրայէլի կողմէ շուրջ մէկ տարիէ ի վեր Կազզէի թիրախաւորման եւ քաղաքային բնակչութեան սպաննուելուն մասին։ «Մենք Իրաքի հետ Պաղեստինի հարցին շուրջ ալ մէկ ձայն ու մէկ ոգի ենք», ըսաւ նախարարը եւ աւելցուց, որ Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասի նախօրէին Ազգային մեծ ժողովէն ներս ունեցած ելոյթը իրականութեան մէջ ուղղուած էր ամբողջ աշխարհին։
Բացի ռազմական անվտանգութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ոլորտներէն, Թուրքիա եւ Իրաք կը նախատեսեն նաեւ այլ ուղղութիւններով ալ համագործակցութիւնը խորացնել. օրինակ՝ առեւտուր, ուժանիւթ, ջուր, հաղորդակցութիւն, առողջապահութիւն, կրթութիւն եւ այլն։ Համագործակցութեան բոլոր ուղղութիւններուն համար երկու երկիրներուն միջեւ առանձին կոմիտէներ պիտի գործեն։